Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Սեպտեմբեր մէկի Մարեմեան Աղօթք. «Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ հեզութեան ու անշահախնդիր վեհանձնութեան»։

«Ո՛վ որ ինքզինք կը բարձրացնէ ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ խոնարհի պիտի բարձրանայ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ սեպտեմբեր 2019-ին կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մի քանի վարկեան ուշացումով սկիզբ տուաւ Մարեմեան Աղօթքին ու երբ յայտնուեցաւ իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն  բացատրեց  թէ ուշացումի պատճառը այն էր թէ 25 վայրկեան փակուած մնացած է վերելակին մէջ ու միայն Վատիկանի հրշէջներու միջամտութեամբ է որ կարողացած է դուրս գալ անկէ։

 

Ներկնայանցելով օրուան խորհրդածութիւնը Քահանայապետը ըսաւ. 

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այսօրուայ Աւետարանը (Ղուկաս 14, 1.7-14) մեզի կը պատմէ թէ Յիսուս շաբաթ օրով կը հրաւիրուի Փարիսեցիներու պետերէն մէկուն տունը  հաց ուտելու համար։ Յիսուս կը նշմարէ թէ  ինչպէս մարդիկ կ՛ընտրէին առաջին տեղերը, վարուելակերպ մը որ յաճախ կը կրկնուի նաեւ այսօր, ու ոչ միայն սեղաններու շուրջ։ Շատեր կը փնտռեն առաջին տեղը իրենց ենթադրեալ գերակայութիւնը բանեցնելու համար ուրիշներու վրայ» յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ «Այս առաջին տեղերը գրաւելու մրցումը չարիք է հասարակութեան համար, ըլլայ քաղաքացիական, ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ, որովհետեւ ան կը կործանէ եղբայրութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

«Ի տես պատահածին Յիսուս կը պատմէ երկու կարճ առակներ որոնց միջոցաւ կը բացայայտէ երկու հիմնական վերաբերմունքներ՝ հեզութիւնը ու անշահախնդիր վեհանձնութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ առաջին առակը ուղղուած է հրաւիրեալներուն. «Երբ մարդէ մը հրաւիրուիս հարսանիքի, մի՛ նստիր առաջին բազմոցին վրայ. որպէսզի եթէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկը հրաւիրուած ըլլայ, ան՝ որ քեզ ու զայն հրաւիրեց, չգայ եւ չըսէ քեզի. “Տե՛ղ տուր ասոր”. ու անկէ ետք՝ սկսիս ամչնալով գրաւել յետին տեղը: Հապա երբ հրաւիրուիս՝ գնա՛ եւ նստէ՛ յետին տեղը. որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ՝ ըսէ քեզի. “Բարեկա՛մ, վե՛ր հրամմէ”. այն ատեն փառք կ՚ունենաս քեզի հետ սեղան նստողներուն առջեւ: Որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ» ։

«Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ հեզութեան ճանապարհը, որ իսկական ճանապարհն է ու առիթ կու տայ իսկական յարաբերութիւններ ստեղծելու»  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց երկրորդ առակը որ ուղղուած է հրաւիրողին. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կը սարքես, մի՛ կանչեր բարեկամներդ, ո՛չ ալ եղբայրներդ. ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի անոնք ալ փոխարէնը չհրաւիրեն քեզ՝ ու հատուցում չըլլայ քեզի: Հապա երբ կոչունք կը սարքես՝ հրաւիրէ՛ աղքատները, պակասաւորները, կաղերը եւ կոյրերը, ու երանելի՛ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք չեն կրնար փոխարէնը հատուցանել քեզի. արդարեւ արդարներուն յարութիւն առած ատե՛նը փոխարէնը պիտի հատուցանուի քեզի»:

«Այս առակով ալ Յիսուս հակահոսանք կ՛ընթանայ, յայտնելով Հօր Աստուծոյ տրամաբանութիւնը։  Յիսուս կը հրաւիրէ անշահախնդիր վեհանձնութեան, մեզի բանալու համար ճանապարհը՝ դէպի աւելի մեզ ուրախութիւն մը, այն է մասնակից դառնալ նոյնինքն Աստուծոյ սիրոյն» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «այսօրուայ աւետարանական հատուածի ուսուցումով, Յիսուս կամուրջ մը կը նետէ երկրային ու երկնային խնջոյքի սեղանի  միջեւ»։

«Վերջին տեղ գրաւելու ընտրանքը կը յայտնէ գիտակցութիւնը թէ որքանով մենք սիրուեցանք առանց մեր արժանիքին ու միայն շնորհքի միջոցաւ։ Հայրն է որ մեզ սիրեց ու միայն Ան՝ որ ամէն բարիքի աղբիւր է, կարող է որոշել մեզ նստեցնել սեղանի շուրջ։

«Ոչ մէկը կրնայ առաջին տեղը գրաւել Անոր սեղանին շուրջ որ վերջին տեղը գրաւեց, այսինքն Բանը որ Մարմին եղաւ մեզ փրկելու նպատակով» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը՝ «Ան որ արարածներուն մէջ ամենախոնարհն է, մեզ օգնէ մենք մեզ ճանչնալու ինչպէս որ ենք, այսինքն փոքրիկներ եւ ուրախանանք պարգեւելու մէջ առանց փոխհատուցումի» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2019, 12:12