Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 31-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խնդրեց աղօթքով ընկերանալ իրեն՝ դէպի Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս առաջնորդող ճամբորդութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ուրտեղէն ժամը 8-ին, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն ու լրագրողներուն հետ միասին մեկնեցաւ դէպի քահանայապետական 31-րդ ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Մոզամբիկի մայրաքաղաք Մափութօ, ուր ժամանումը նախատեսուած երեկոյեան 18.30-ին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետին սոյն առաքելական ճամբորդութիւնը բացի Մոզամբիկէն կ՛ընդգրկէ Մատակասկարի ու Մաուրիցիուսի հանրապետութիւնները։

Հանդիպում 12 գաղթականներուն հետ

Վատիկանէն չի մեկնած Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազդալլի Կեդրոնի եւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մօտ հիւրընկալուած Մոզամբիկն, Մատակասկարէն եւ Մաուրիցիոյէն 12 գաղթականներու հետ, որոնց կ՛ընկերակցեր Քահանայապետական Ողորմաբաշխը՝ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին։

10.30 ժամ թռիչքէն ետք ժամանում երեկոյեան

Գրեթէ 10.30 ժամ տեւող թռիչքի ընթացքին Քահանայապետական օդանաւը պիտի սաւառնի Իտալիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Հարաւային Սուտանի, Ուկանտայի, Թանզանիայի, Մալաուիի, Զամպիայի ու ի վերջոյ Մոզամբիկի օդային տարածքներուն վրայէն եւ աւանդութեան համաձայն Սրբազան Պապը վերոնշեալ երկիրներու ղեկավարներուն կ՛ուղղէ բարիմաղթական հեռագիրեր։

Հրաւէր աղօթելու Ափրիկէի խաղաղութեան համար։

Այսօր առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց բոլորը աղօթելու «բոլորին Հայր Աստուծոյ, որպէսզի համայն Ափրիկէին մէջ ամրացնէ եղբայրական հաշտութիւնը, որ միակ յոյսն է զօրեղ եւ մնայուն խաղաղութեան մը համար» գրեց Սրբազան Պապը որ անցեալ կիրակի օրուայ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին հաւատացեալներէն խնդրած էր որ աղօթքով ընկերանան իրեն դէպի Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս առաջնորդող ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2019, 08:15