Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմ վերադարձաւ եւ ուղղուեցաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար

Վերջ գտաւ Նորին Սրբութեան խաղաղութեան, հաշտութեան եւ յոյսի պատգամաւորի, Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած, ճամբորդութիւնը

Երեքշաբթի 10 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը՝ 10 ժամէ աւելի թռիչքէ ետք  վայրէջք կատարեց Հռոմ Չամփինօ օդակայան, վերջ տալով Նորին Սրբութեան որպէս խաղաղութեան, հաշտութեան եւ յոյսի պատգամաւոր, Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած, Քահանայապետութեան 31 առաքելական միջազգային ճամբորդութեան։

Հազիւ Հռոմ վերադարձած Ֆրանչիսկոս Պապ սովորութեան համաձայն ուղղուեցաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ  տաճարի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ, առ ի շնորհակալութիւն Աստուածամօր՝ ճամբորդութեան յաջողութեան համար։  

Ֆրանչիսկոս Պապը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 19:28