Ֆրանչիսկոս Պապի Մոզամբիկի մէջ այցելած  վայրերը։ Ֆրանչիսկոս Պապի Մոզամբիկի մէջ այցելած վայրերը։  

Ֆրանչիսկոս Պապի Մոզամբիկի մէջ այցելած վայրերը։

«Փոնթա Վերմիլիօ» Մոզամբիկի նախագահական պալատը եւ Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարը

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մոզամբիկի մէջ այցելած վայրերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

 «Փոնթա Վերմիլիօ» Մոզամբիկի նախագահական պալատը

Մոզամբիկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ  կ՛այցելէ Մոզամբիկի մայրաքաղաք՝ Մափութոյի «Փոնթա Վերմիլիօ» անունով նախագահական պալատը, որ կառուցուած 1899-ին ու 1906-1975 թուականներուն երեք անգամ ենթարկուած է վերանորոգումի աշխատանքներու:

Նախագահական այժմեան պալատը՝   Մոզամբիկի անկախութենէն առաջ եղած է Փորթուկալացիներու վարչապետարանը:   Սկզբնական շրջանին պալատը եղած է նաեւ երկաթուղիի շինարարութեամբ զբաղող բանուորներու բնակարան:

Ան կը կրէ «Կարմրագոյն կէտ» անունը, որովհետեւ պալատը ամբողջութեամբ կառուցուած է կարմիր հողէ տարածքի վրայ:  Այնտեղ է որ 16 սեպտեմբեր 1988-ին,  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը,  իր 39-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութեան ընթացքին, հանդիպեցաւ այդ ժամանակուան նախագահ՝ Տիար Ժուաքիմ Քիսսանոյին հետ:

Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարը

Մոզամբիկի տուած այցելութեան ծիրէն ներս  ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ նաեւ  Մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարը,  որուն կառուցման աշխատանքները սկիզբ առած են 1936-ին, եւ օծման արարողութիւնը կատարուած է 1944ին:

Տաճարին մէջ թաղուած է Կարդինալ Թեոտոզիօ Քլեմենթէ Տէ Կուվէան որ վախճանած է 1962-ին,  եւ եղած է Լուրենսօ Մարքէս քաղաքի եպիսկոպոսը:

1988-ի սեպտեմբեր 18-ին՝ Անարատ Յղութեան տաճարը հանդիսացած է,  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին  երիտասարդներուն հետ հանդիպումի վայրը:

 

Զիմփեթօ հիւանդանոցը

Զիմփեթօ հիւանդանոցը կը գտնուի Մափութոյի արուարձանեային  շրջանի մէջ։ Անոր բացումը կատարուածէ 7 յունիս 2018-ին։ Հիւանդանոցին  մէջ կը գործէ «Երազ» կեդրոնը ուր խնամք կը տարուի Սիտայի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներուն։

 «Երազ» ծրագիրը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մէկ նախաձեռնութիւնն է որ կեանքի կոչուած է 2002ին   Ափրիկէի մէջ  խթանելու առողջապահութեան իրաւունքը ու պայքարելու  Սիտայի հիւանդութեան եւ Ափրիկէի մէջ թերասնունդի դէմ։

 Ծրագիրը կը մտի խնամատարութեան փոքրիկ կերոններ հիմնել քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ խնամատարութեան կարելիութիւն տալու բոլորին ու յատկապէս անոնց որոնք ֆինանսական դժուարութեան մէջ կը գտնուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2019, 08:58