Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Մոզամբիկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Մոզամբիկի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Մոզաբիկի իշխանութիւններուն. «Ոչ բռնութեան եւ այո՛ խաղաղութեան»։

Խաղաղութիւնը միայն պատերազմին բացակայութիւնը չէ այլ ճգնաջան յանձնառում՝ ճանչնալու, պահպանելու ու կառուցելու յաճախ մոռցուած մեր եղբայրներուն արժանապատուութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոզամբիկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն  ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 5 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մոզամբիկի նախագահին։

Նախագահական պալատ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ նախագահ Ֆիլիփ Ճաչինթօ Նյուսի ու անոր կողակիցին կողմէ ու միասին մուտք գործեցին նախագահական պալատի Կարմիր Սրահ ուր Քահանայապետը ստորագրեց «Պատուոյ Մատեանը» ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ նախագահին հետ, որուն աւարտին ողջունեց նախագահի ընտանեկան պարագաները ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահին հետ հանդիպելէն ետք Սրբազան Պապը նախագահական պալատի «Ինտիաս» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքական իշխանութիւններուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ու քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն մէջ Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին՝ իրեն ուղղած բարի գալուստի խօսքերուն ու հիւրընկալութեան համար իր ուրախութիւնը յայտնելով որ «ճամբորդութիւնը կը սկսի այս երկրէն որ օրհնուած է իր բնական գեղեցկութեան համար, ինչպէս նաեւ իր մշակութային մեծ հարստութեան համար որ ժողովուրդին ապրելու ուրախութեան կ՛աւելցնէ աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը»։

Մօտիկութիւն  ԻՏԱՅ եւ ՔեՆՆԵԹ Մրրիկներու թիրախներուն։

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով բոլոր ներկաները ու անոնց միջոցաւ համայն Մոզամբիկի բնակչութիւնը, յատուկէն մօտիկութիւն արտայայտեց անոնց որոնք թիրախ եղան ԻՏԱՅ եւ ՔեՆՆԵԹ Մրրիկներուն, «որոնց հետեւանքները, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը շարունակեն ծանր ըլլալ բազմաթիւ ընտանիքներուն համար»։

Քահանայապետը այդ առընչութեամբ մաղթեց  որ քաղաքական եւ ընկերային դերակատարներուն սատարը չի պակսի ու վերակառուցումի աշխատանքները յառաջ ընթանան միշտ մարդ անհատը ընտրելով որպէս կեդրոն, Ան ապա արժեւորեց  միջազգային հասարակութեան տասնեակ տարիներու ընթացքին իրականացուցած ջանքերը, որոնք կը ձգտին  խաղաղութիւնը դարձնել կանոնաւոր ու հաշտութիւնը՝ ամենալաւ ուղին դիմագրաւելու համար դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կը գտնուի երկիրը։

Խաղաղութիւնը կ՛իրականացուի հասարակաց բարիքին մշտական փնտռտուքով

Ակնարկելով ապա տարիներ ամբողջ եղբայրասպան քաղաքացիական հակամարտութիւններուն ու բախումներուն, ու մէկ ամիս առաջ ստորագրուած զինադադարի պայմանագիրին, այդ մէկը որակեց  «անկիւնաքար մը», որ զետեղուած է արի մարդոց կողմէ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։

«Թոյլ չտանք որ պատմութիւնը գրելու ձեւը դառնայ եղբայրասպան պայքարը, այլ կարողութիւնը իրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ, նոյն երկրին զաւակներ ու միասնական ճակատագրի կառավարիչներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով Խաղաղութեան քաջութեան վրայ որ «կ՛իրականացուի հասարակաց բարիքին մշտական փնտռտուքով» հաստատեց Ան։

«Ոչ բռնութեան եւ այո խաղաղութեան»

Մէջբերելով հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին 1983-ին Մոզամբիկի մէջ արտասանած խօսքերը,  Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնեց «Ոչ բռնութեան եւ այո խաղաղութեան»։

“[ խաղաղութիւնը նման է փխրուն ծաղիկի մը որ կը փորձէ ծաղկիլ բռնութեան քարերու ընդմէջէն ]

«Այս տարիներու ընթացքին փորձարկեցիք մնայուն խաղաղութեան փնտռտուքը, բոլորը ներգրաւող առաքելութիւն մը, որ կը պահանջէ ժրաջան աշխատանք, որովհետեւ խաղաղութիւնը նման է փխրուն ծաղիկի մը որ կը փորձէ ծաղկիլ բռնութեան քարերու ընդմէջէն» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ  դարձեալ զգուշացնելով բռնութենէն որ կը կործանէ ու հրաւիրելով այո՛ ըսել խաղաղութեան եւ հաշտութեան։

«Խաղաղութիւնը միայն պատերազմին բացակայութիւնը չէ այլ ճգնաջան յանձնառում՝  ճանչնալու, պահպանելու ու կառուցելու յաճախ մոռցուած մեր եղբայրներուն արժանապատուութիւնը, որպէսզի անոնք եւս իրենց զիրենք զգան իրենց ազգի ճակատագրին դերակատարները» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով թէ  ինչպէս խաղաղութիւնը առիթ ընծայեց Մոզամբիկին զարգանալու ու բարելաւելու ընկերութեան զանազան ասպարէզները, ու այս ուղղութեամբ քաջալերեց զանոնք յառաջ տանելու այդ աշխատանքները յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն, որոնք կը կազմեն բնակչութեան մեծ մասը։

«Անոնք ոչ միայն այս հողամասին յոյսն են այլեւ ներկան են, ու կարիքը ունին արժանավայել ուղիներու՝ որոնք առիթ պարգեւեն զարգացնելու անոնց  ձիրքերը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Խաղաղութեան մշակոյթ մը կը պահանջէ հետեւողական գործընթացք մը, որուն մէջ ամէն մէկ նոր սերունդ ինքզինք զգայ ներգրաւուած» ու մատնանշեց յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութեան՝  որպէս ճանապարհ որ կը մղէ փնտռելու միասնական նպատակներ, բաժնեկցուած արժէքներ ու գաղափարներ, որոնք կը յառաջացնեն մասնակի շահերու շրջանցումը, որպէսզի երկրին հարստութիւնները դրուին բոլորին ծառայութեան տակ ու «յատկապէս աղքատներու ծառայութեան տակ» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ապա ակնարկեց հասարակաց տան խնամքին, Հողի ու կեանքի ապականութեան։

«Խաղաղութեան մշակոյթ մը կը նշանակէ արտադրական, կայուն ու  ներառնող զարգացում, ուր ամէն մէկ Մոզամբիկի քաղաքացի զգայ թէ այս երկիրը իրն է, ու այնտեղ կարող է իր դրացիին ու իր շրջանակին հետ հաստատել եղբայրական ու հաւասարութեան կապեր»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը աւարտեց խօսքը ուղղելով Նախագահին եւ հաւաքին ներկայ իշխանութիւններուն ըսելով «Դուք բոլորդ կառուցողներ էք ամենագեղեցիկ աշխատանքին այն է խաղաղութեան եւ հաշտութեան ապագայ մը, որպէս երաշխիք ձեր զաւակներու ապագայի իրաւունքին»։

«Աստուծմէ կը հայցեմ որ այս ժամանակահատուածին որ ձեր միջեւ պիտի ըլլամ, ես ալ կարողանամ իմ սատարս բերել, որպէսզի խաղաղութիւնը, հաշտութիւնն ու յոյսը մշտապէս իշխեն ձեր միջեւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2019, 10:31