Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հասաւ Մափութօ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հասաւ Մափութօ։ 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հասաւ Մափութօ։

Օդանաւի սանդուխներու ոտքին, ի ներկայութեան քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Մոզամբիկի Նախագահը Տիար Ֆիլիփ Ճաչինթօ Նյուզին ու անոր կողակիցը
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հասաւ Մափութօ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան 18.00 Էն մի քանի վարկեան անց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւը վայրէջք կատարեց Մոզամբիկի մայրաքաղաք Մափութոյի միջազգային օդակայան։

Օդանաւի սանդուխներու ոտքին, ի ներկայութեան քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու,  Նորին  Սրբութիւնը դիմաւորեցին  Մոզամբիկի Նախագահը Տիար Ֆիլիփ Ճաչինթօ Նյուզին  ու անոր կողակիցը,  մինչ երկու փոքրիկներ, աւանդական տարազներով, Քահանայապետին նուիրեցին բարի գալուստի ծաղիկներ։

Պաշտօնական դիմաւորումի արարողութեան առթիւ Մոզամբիկի եւ Վատիկանի քայլերգերու կատարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում. որմէ ետք Քահանայապետը ուղղուեցաւ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ – փափամոպիլէ -որով փոխադրուեցաւ Մայրաքաղաքի կեդրոն, որ օդակայանէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, ուղղուելով Մափութոյի Առաքելական Նուիրակութեան պալատ, ուր  զինք կը դիմաւորեն երիտասարդներու խումբ մը ու Առաքելական Նուիրակութեան աշխատակազմը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2019, 18:30