Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի 21 օգոստոսի հրապարակային ունկնդրութիւնը:

Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնը, աղօթքը, առաքեալներուն քարոզչութիւնը, այս բոլորը հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դարձուց:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, օգոստոս, 21ին՝ առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Իտալիայէն եւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն ներկայութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան հրապարակային ունկնդրութեան նիւթը եղաւ, առաքեալներուն գործերէն քաղուած՝ « ոչ ոք իր ինչքերը իրենց սեփական կը համարէր, այլ ամէն ինչ հասարակաց էր » հատուածը :( Գործ առաք 4, 32 )
Ան ունկնդրութեան սկիզբը անդրադարձաւ քրիստոնէական առաջին հասարակութեան, նշելով որ այդ առաջին հասարակութիւնը ծնունդ առաւ Սուրբ Հոգիին առատ զեղումով ապա եղբայրներու եւ քոյրերուն բաժնեկցութեան թթխմորին շնորհիւ աճեցաւ ու բազմացաւ:

Սրբազան Հայրը հուսկ շեշտը դրաւ զօրակցութեան ուժին վրայ նկատել տալով որ այդ ուժին միջոցաւ է որ եկեղեցի կը կառուցուի իբրեւ Աստուծոյ ընտանիքը, ուր կեդրոնական տեղ կը գրաւէ յունարէն լեզուով koinonia բառը, որ կը նշանակէ կիսել, մասնակցիլ եւ ամէն ինչ դնել հասարակութեան տրամադրութեան տակ: Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով koinonia- հաղորդութիւն բառին վրայ, նշեց որ Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնը, աղօթքը, առաքեալներուն քարոզչութիւնը, այս բոլորը հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դարձուց, ուր ոչ ոք իր ինչքերը սեփական համարեց այլ ամէն ինչ հասարակաց էր, եւ այս պատճառաւ է որ այդ հասարակութեան մէջ ոչ մէկ կարիքաւոր կար այլ ամէնքը ունէին ամէն բան:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ La koinonia, հաղորդութիւնը, առաքեալներուն միջեւ յարաբերութեան նոր ձեւ մըն էր, նկատել տալով, որ Քրիստոսի մարմնի անդամ դառնալով հաւատացեալները իրարու միջեւ կը կիսեն կեանքի բոլոր պատասխանատուութիւնները ու զօրեղը , թիկունք կանգնելով տկարին, ոչ մէկը անձ կը փորձարկէ չքաւորութիւնը, որ նուաստացուցիչ է կը կերպարանափոխէ մարդու արժանապատւութիւնը: ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա զանազան օրինակներ թուեց Գործ առաքելոց գիրքէն, ուր կը պատմուի երուսաղեմի առաջին հասարակութեան եւ առաքեալներու մասին, որոնք իրենց ինչքերը ծախելով բոլորին տրամադատութեան տակ կը դնեն:

Սրբազան Հայր եզրափակեց հրապարակային ունկնդրութիւնը նշելով ՝ երբ կը պակսի անկեղծութիւնը, բաժնեկցութեան եւ հաղորդութեան հոգին, այն ժամանակ կը հեռանանք ճշմարտութենէն եւ կը դառնանք անձնասէր եւ մեր մէջ մառելով հաղորդութեան կրակը, մենք մեզի կը դատապարտենք ցուրտին ու ներքին մահուան, նկատել տալով որ այսպիսի վերաբերմունք ունեցող անձը կը նմանի եկեղեցիէն անցնող զբօսաշրջիկի մը, որ պանդոկի մէջ կը գիշերէ, որ ինքզինք ոչ իր տան մէջ ու ոչ իսկ ընտանիքի մը անդամ կը զգայ :

«Թող Տէրը մեր վրայ զեղու Իր քնքշութեան հոգին, որ կը յաղթէ ամէն տեսակ կեղծաւորութեան, Թող Ան մեր մէջ զետեղէ այն ճշմարտութիւնը որ կը սնուցանէ քրիստոնէական զօրակցութիւնը որ է եկեղեցւոյ արտայայտութիւնը , եկեղեցի որ բոլորին անուշ մայրն է յատուկէն աղքատներուն մայրը: Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2019, 11:38