Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Սուրբ Պետրոսը հիմնական վկայ Յարուցեալին» Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Վկան այն անձն է որ կը հռչակէ Քրիստոսը ըլլայ խօսքերով, ըլլայ իր մարմնական ներկայութեամբ ու Պետրոսը՝ լեցուած Սուրբ Հոգիով, այն անձն է որ կը շարունակէ իր Վարդապետին գործերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շատ նշաններ եւ սքանչելիքներ կը գործուէին առաքեալներուն ձեռքով՝ ժողովուրդին մէջ, ու բոլորը միաբանութեամբ Սողոմոնի սրահին մէջ էին:…Այնպէս որ հիւանդները կը հանէին հրապարակները եւ կը դնէին պատգարակներով ու մահիճներով, որպէսզի Պետրոսի անցնելու ատեն՝ գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ:  Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը համախմբուէր՝ հիւանդներ եւ անմաքուր ոգիներէ տանջուողներ բերելով, որոնք բոլորն ալ կը բուժուէին: (Առաքեալներու Գործեր  5,12.15-16)։

Գործք առաքելոցէն քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան զոր Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց 28 օգոստոսի առաւօտեան, Վատիկան ժամանած ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, առաքեալներու գործեր գրքին մէջ նկարագրուած եկեղեցական հասարակութիւնը կ՛ապրի իր  տրամադրութեան տակ Տիրոջ կողմէ դրուած բազմաթիւ հարստութիւններով ու կը փորձարկէ քանակի աճ ու մեծ խանդավառութիւնը, հակառակ արտաքին գրոհներուն», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու մատնանշելով թէ ինչպէս Սուրբ Ղուկաս՝ Առաքեալներու գործեր գիրքին մէջ շեշտը կը դնէ նշաններուն ու հրաշքներուն վրայ, որոնք կ՛ընկերանան առաքեալներու խօսքերուն ու այս վերջիններուս հիւանդներուն վերապահած յատուկ ուշադրութեան։

«Առաքեալներու գործեր գիրքի 5-րդ գլխուն մէջ նորածին  եկեղեցին կը ներկայանայ որպէս «դաշտային հիւանդանոց», որ կ՛ընկալէ բոլոր տկար մարդիկը այսինքն հիւանդները։ Անոնց տառապանքը կը ներգրաւէ  առաքեալները որոնք «ոչ արծաթ ունին եւ ոչ ալ ոսկի», սակայն ուժեղ են Յիսուսին անունով» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ Առաքեալներու  աչքերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներու աչքերուն, հիւանդները Արքայութեան հռչակումին առանձնաշնորհեալ հասցէատէրերն են, եղբայրներն են որոնց մէջ Քրիստոս  ներկայ է յատուկ կերպով, թոյլ տալու համար որ զինք փնտռենք ու գտնենք։ (Հմմտ Մատթէոս 25, 36-40)։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ ապա թէ Առաքեալներու միջեւ ի յայտ կու գայ Պետրոսի անձը որ Յարուցեալէն ընդունած  առաքելութեան հիման վրայ, կը կատարէ առաջինի իր պաշտօնը։Պետրոսը կ՛անցնի հիւանդներու միջեւ, Յիսուսին նման, իր վրայ առնելով հիւանդութիւններն ու տառապանքները։ Ան այդ մէկը կը կատարէ ոչ թէ ինքզինք յայտնելու համար այլ հռչակելու Քրիստոսը որ կենդանի է եւ կը գործէ։

«Վկան այն անձն է որ կը հռչակէ Քրիստոսը ըլլայ խօսքերով,   ըլլայ իր մարմնական ներկայութեամբ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու Պետրոսը արդարեւ այն անձն է որ կը շարունակէ իր Վարդապետին գործերը, լեցուած Սուրբ Հոգիով։

«Պետրոսին նայելով կը տեսնենք նոյնինքն Քրիստոսը։  Պետրոին գործունէութիւնը Սադուկեցիներուն ատելութիւնը կը յառաջացնէ որոնք կը փորձեն արգելք հանդիսանալ առաքեալներու քարոզութեան։  Պետրոս սակայն կը պատասխանէ թէ հարկաւոր է հնազանդիլ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մարդոց ու այս կը նշանակէ անվերապահօրէն ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը,Անոր դիմել որպէսզի կարողութիւն ունենաք դաշնակից դառնալու Անոր հետ ու բոլոր անոնց հետ որոնք կը գտնուին մեր ճանապարհին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց որպէսզի մենք եւս «հայցենք Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը որպէսզի վախ չունենաք անոնց առջեւ որոնք մեզի կը հրամայեն լռել, մեզ կը զրպարտեն ու նոյնիսկ մեր կեանքին կը սպառնան։ Հայցենք որ մեզ զօրացնէ ներքնապէս, որպէսզի վստահ ըլլանք ու ապաւինինք Տիրոջ սիրալիր ու մխիթարիչ ներկայութեան» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2019, 10:04