Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութիւն. «Յանուն Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի, ոտքի ել եւ քալէ»։

Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք 7 օգոստոսին վերսկսան չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 օգոստոս 2019-ին, Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք, վերսկսան չորեքշաբթի օրուայ քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք տաքի բերումով առ այժմ տեղի կ՛ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով գործ առաքելոցի մասին անցեալ ամիսներուն սկսած մտածականները Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մեկնաբանեց առաքեալներու գործեր գիրքէն քաղուած հետեւեալ հատուածը.

(Անդամալոյծ աղքատը) Տեսնելով Պետրոսն ու Յովհաննէսը՝ որոնք տաճարը պիտի մտնէին, ողորմութիւն խնդրեց:  Իսկ Պետրոս՝ Յովհաննէսի հետ աչքերը անոր վրայ սեւեռելով՝ ըսաւ. «Նայէ՛ մեզի»:  Ան ալ ուշադրութիւն դարձուց անոնց, եւ կ՚ակնկալէր բան մը ստանալ անոնցմէ:  Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն կու տամ քեզի. Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛»:

Աւետարանի քարոզութիւնը գործք առաքելոցի մէջ չէ սահմանուած միայն խօսքերուն, այլ  գործնական արարքներու որոնք կը վկայեն այդ քարոզութեան ճշմարտութիւնը։ «Սքանչելիքներ ու նշաններ որոնք կը հաստատէին թէ առաքեալները կը գործեն յանուն Քրիստոսի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով վերոնշեալ հատուածին մէջ պարունակուած Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Յովհաննէսի քարոզութեան դէպքին։

Աղքատ կաղ մարդը հանդիպելով առաքելներուն դրամ չի գտներ, այլ կը գտնէ Անունը որ մարդը կը փրկէ՝ Յիսուս Քրիստոս, Նազովրեցին։

Ան յարաբերութեան մէջ կը մտնէ անոնց հետ ու Պետրոս հայցելով Յիսուսին անունը անդամալոյծ աղքատին կը հրամայէ  ոտքի կանգնիլ ու քալել։

«Պետրոսն ու Յովհաննէսը կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ դիմագիծը, որ երբ հանդիպի դժուարութեան մէջ գտնուող մարդոց իր աչքերը չի փակեր, այլ հայեացքը կը սեւեռէ անոնց վրայ, անոնց հետ հաստատելով յարաբերութիւն, բարեկամութեան ու զօրակցութեան կամուրջներ՝ փոխան պատնէշներու» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ. «Այս մէկը դիմագիծն է Եկեղեցւոյ մը որ սահման չունի եւ ինքզինք կը զգայ Մայր բոլորին ու գիտէ ձեռք երկարել, ոտքի կանգնեցնել ու առաջնորդել»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին ուր կը յիշուի որ Եկեղեցին «փրկութեան տիեզերական խորհուրդ է» (Lumen gentium, 48), վայր՝ ազատագրումի եւ բուժման»։ «Եւ այդ եկեղեցւոյ վկան այդ կաղ մարդն է որ այժմ քալելու կարողութիւնը ունի ու կը փառաբանէ զԱստուած։ Ան կարող է ապրիլ այն Սիրոյ տօնախմբութեան մէջ որ զինք ստեղծեց կեանքին ու երջանկութեան համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։ «Բացառուածը այժմ կարող է մտնել տաճար, որովհետեւ Յիսուսին անունը անոր պարգեւեց «լիակատար  բուժում» աւելցուց Ան ու շարունակեց  «Եկեղեցին առաքեալներու միջոցաւ հոսեցուց մօտիկութեան իւղը, մխիթարութեան բալասանը՝ Աստուծոյ զաւկի մը վրայ որ ստիպուած էր ապրիլ տառապանքի եւ նուաստացումի մէջ։ Այդ «դաշտային հիւանդանոցի» եկեղեցին է, բաց դռներով տուն, գթասիրտ սրտով ու հոգատար մայր»։

Պետրոսն ու Յովհաննէսը մեզի կը սորեցնեն չի վստահիլ միջոցներուն, որոնք միշտ ալ օգտակար են, այլ իսկական հարստութեան վրայ՝ որ է Յարուցեալին հետ յարաբերութիւնը։

Ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս կորընթացներուն ուղղած իր նամակին մէջ. «Աղքատ ենք սակայն այնքաններ կը հարստացնենք։  Չքաւորներ սակայն ամէն բան ունինք»։ «Մեր ամէն բանը Աւետարանն է՝ որ կը յայտնէ այն զօրութիւնը որ Յիսուսի անունով հրաշքներ կը գործէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով «Հայցել Հօրմէ յիշողութեան մը պարգեւը որ երախտագիտութեամբ յիշէ մեր կեանքին մէջ Անոր սիրոյն բարիքները, որպէսզի բոլորին պարգեւենք փառաբանութեան եւ երախտապարտութեան վկայութիւնը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2019, 09:45