Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խոկալ ու հետեւիլ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի օրինակին։

Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

7 օգոստոս 2019-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդկրութեան ընթացքին ներկայացուցած  խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, տարեցները, հիւանդներն ու նորապսակները ըսելով. Միւս օր պիտի տօնախմբենք՝ Կոյս եւ Մարտիրոս, Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի ծիսական տօնը։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ նայելու անոր քաջ ընտրանքներուն, որոնք արտայայտուեցան իսկական դարձով մը դէպի Քրիստոս ինչպէս նաեւ իրեն կեանքի զոհաբերումով ի դէմ ամէն տեսակ անհանդուրժողականութեան ու գաղափարական այլասերումի։

Նշենք որ Էտիթ Շթայնը կրօնաւորուհի մըն էր որ Նացիական տիրապետութեան ընթացքին ձերբակալուեցաւ ու ապրեցաւ երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ''Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ'' վրայ։ Ան նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2019, 10:16