Ֆրանչիսկոս Պապ Կարդինալ Սիլվեսթրինիին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Կարդինալ Սիլվեսթրինիին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Սիլվեսթրինիի մահուան ի լուր։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Կարդինալ Սիլվեսթրինիի եօթը քահանայապետերու մատուցած ծառայութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինիին մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցագիր մը յղեց որուն մէջ մեծարեց հանգուցեալ Ծիրանաւորին ծառայական կենցաղը՝ որպէս «Քահանայ զգայուն ուրիշներու կարիքներուն, հմուտ դիւանագէտ ու Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ Հովիւ» գրեց Նորին Սրբութիւնը Կարդինալ Սիլվեսթրինիի թոռնիկներուն յղած ցաւակցագիրին մէջ որուն մէջ նաեւ մօտիկութիւն յայտնեց անոնց ու բոլոր անոնց որոնք զայն ճանչցան ու սիրեցին։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Կարդինալ Սիլվեսթրինիի եօթը քահանայապետերու մատուցած ծառայութիւնը ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած  որպէսզի զինք ընկալէ իր յաւիտենական խաղաղութեան մէջ, հուսկ իր մխիթարական առաքելական օրհնութիւնները յղեց բոլոր անոնց որոնք կը գուժեն կարդինալ Սիլվեսթրինիին մահը։

Հանգուցեալ Ծիրանաւորին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը,  տեղի կ՛ունենայ Ուրբաթ 30 օգոստոսի յետմիջօրէի 15.30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 08:00