Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամբիկի ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած պատգամը

Կ՝ուզեմ վստահեցնել, որ բոլորդ իմ աղօթքներուս մէջն էք, անհամբեր կը սպասեմ ձեր հետ հանդիպելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

4-էն-10 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցօ:

Ուրբաթ, օգոստոս 30-ին, պատկերասփռուած պատգամով մը ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Մոզամբիկի ժողովուրդը: Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի Մոզամբիկի ժողովուրդ:

Մի քանի օրէն սկիզբ պիտի առնէ իմ այցելութիւնս ձեր երկիր,  նոյնիսկ եթէ մայրաքաղաքէն անդին պիտի չկարողանամ երթալ, սիրտով կը հասնիմ եւ կ՛ողջագուրեմ ձեզ բոլորդ, յատուկ տեղ տալով, բոլոր անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին:

Կ՝ուզեմ վստահեցնել որ բոլորդ իմ աղօթքներուս մէջն էք: Անհամբեր կը սպասեմ ձեր հետ հանդիպելու:

Այնպէս ինչպէս հրաւէր ստացայ Պարոն նախագահէն եւ իմ եպիսկոպոս եղբայրներէս՝ ձեր մօտ գալու համար, այսպէս ձեզ կը հրաւիրեմ իմ աղօթքիս միանալու, որպէսզի Աստուած, բոլորիս Հայրը, Մոզամբիկի եւ համայն Ափրիկէի մէջ ամրապնդէ համերաշխութիւնը, եղբայրական համերաշխութիւնը, որ միակ յոյսն է՝ կայուն եւ մշտական խաղաղութեան համար:

Ուրախութիւնը պիտի ունենամ ձեր հետ կիսելու այս համոզումները, ականատես ըլլալու նաեւ, թէ ինչպէս կ՝աճի իմ նախորդիս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ցանած սերմը: Այս Ճամբորդութիւնը ինծի պիտի թոյլատրէ հանդիպելու կաթողիկէ հասարակութեան հետ, զանոնք հաստատելու համար իրենց Աւետարանի վկայութեան մէջ, որ կ՝ուսուցանէ ամէն այր մարդու եւ կնոջ արժանապատուութիւնը եւ կը խնդրէ մեր սիրտը ուրիշներուն բանալու, յատուկէն կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, գիտակից եմ որ ձեզմէ շատեր կ՝աշխատին իմ այցելութիւնս պատրաստելու համար՝ ներառեալ ձեր աղօթքներուն նուէրը, ամբողջ սրտով շնորհակալ եմ ձեզի: Ձեր եւ ձեր երկրին վրայ կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնները եւ մեր Մօր Սուրբ Կոյս Մարիամի Հովանին: Ցտեսութիւն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 09:07