Ֆրանչիսկոս Պապի օգոստոս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը, հինգշաբթի, 1 օգոստոսին լոյս ընծայեց օգոստոս ամսուան համար Պապին աղօթքի դիտաւորութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Նշեալ կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Օգոստոս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ մեզմէ կը խնդրէ , որ խնամք տանինք ընտանիքներուն եւ աղօթենք որպէսզի ընտանիքները դառնան մարդկայնացումի իսկական աշխատանոցներ, ուր անհատները կրնան ձեռքբերել աղօթքի եւ սիրոյ կեանք մը:

«Ֆրանչիսկոս Պապ օգոստոս ամսուան ընթացքին իր հայեացքը կը սեւեռէ ընտանիքներուն եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրենք ընտանիքին նպաստող բոլոր բաներուն,  որպէսզի ընտանիքները դառնան մարդկայնացումի իսկական միջավայր» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ  եւ մատնանշուած է որ «Նորին Սրբութեան համար ընտանիքը լաւագոյն ժառանգութիւնն է, որ կրնանք ձգել աշխարհի եւ ապագային համար»:

Վերջին հետազօտական տուեալներուն համաձայն եւրոպայի մէջ ընտանիքներուն 16 տոկոսը կազմուած է մէկ ծնողքէ եւ զաւակներէ: Միացեալ նահանգներուն մէջ աճ արձանագրած է միայնակ կեանք ապրողներուն թիւը: Այս իսկ պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքներուն համար աղօթքի դիտաւորութեան նպատակն է խնամք տանիլ ընտանիքներուն, վաղուան իսկական դպրոցները:
Ան կոչ կ՝ընէ որպէսզի ընտանիքները նուիրուին երկխօսութեան, բանակցութեան եւ սորվին իրար զիրար յարգել ու սիրել: 
Միաժամանակ ֆրանչիսկոս Պապ կը զգուշացնէ անհատապաշտ կեանքի վտանգէն, որ կը սպառնայ ընտանիքի բնոյթը՝ զայն վերածելով կղզիի մը:

Օգոստոս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ հետեւեալը.

«Ընտանիքներ, մարդկայնացումի գիտաշխանոց: Ապագային համար ինչպիսի՞ աշխարհ կ՝ուզենք ձգել:Խնամք տանինք ընտանիքներուն, որովհետեւ անոնք վաղուան իսկական դպրոցներն են ազատութեան վայրերը, մարդկութեան կեդրոններ:

Ապահովենք անոնց համար աղօթքի անհրաժեշտ ժամանակ՝ ըլլայ անհատական, ըլլայ հասարակական գետնի վրայ:
Աղօթենք, որպէսզի ընտանիքները սիրոյ եւ աղօթքի կեանքի շնորհիւ, միշտ դառնան մարդկայնացումի գիտաշխանոցներ:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 16:00