Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամպիքի առաքելական ճամբորդութեան խորհդանիշը Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամպիքի առաքելական ճամբորդութեան խորհդանիշը 

Մէկ ամիսէն ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոզամպիք երկիրը, ուր կը բացայայտուին համաձայնութեան նշոյլներ:

Մեզի համար երազ մըն էր որ ֆրանչիսկոս Պապ այցելէր Մոզամպիքի տառապող ժողովուրդին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մէկ ամիսէն ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի ժամանէ Մոզամպիք քաղաքը, այն երկիրը ուր վերջերս թիրախ դարձած էր բնական աղէտներուն, իսկ քաղաքական գետնի վրայ ստորագրուած է համերաշխութեան ի խնդիր համաձայնութիւն մը, երկրի նախագահ Տիար Ֆիլիփ Նիւզի եւ քաղաքական գործիչ Օսուֆօ Մամատէին միջեւ՝ քաղաքացիական պատերազմի տասնեակ տարիներ ետք:

Ունկնդրէ լուրը

«Յուսամ, որ այդ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի ըլլայ հոն ուր իսկապէս կը տիրէ բախումներ: Քափօ Տէլկրատօ մարզին մէջ տեղի ունեցած են լուրջ խախտումներ, կան բազմաթիւ անմեղ զոհեր»:  Այս մասին ըսած է Քոյր Ռիթա Զանինելլի, Նաշփուլա թեմի, արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնախումբի անդամ միսիոնարուհին:

Քոյր Ռիթա նշեց, որ Մոզամպիքը հարուստ երկիր մըն է եւ այս պատճառով երկիրը թիրախ է մնայուն հակամարտութիւններուն:
Ան խօսելով արդարութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր եկեղեցական յանձնախումբին գործունէութեան մասին նշեց, որ յանձնախումբը պայքար կը մղէ մարդավաճառութեան դէմ, ընտանեկան բռնութիւններու դէն՝ նեցուկ գտնուելով ժողովուրդին :

Ինչ կը հայի ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամպիք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, քոյր Ռիթա յայտնեց թէ «եկեղեցական ներկայացուցիչները լրիւ շարժումի մէջ  կը գտնուին:»
Մեզի համար երազ մըն է, որ ֆրանչիսկոս Պապ այցելէ Մոզամպիքի տառապող ժողովուրդին: Յուսանք, որ Անոր յոյսի, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պատգամը արիւնաբեր ըլլայ բոլորին, որուն յոյժ կարիքի ունինք» ըսած է Քոյր Ռիթան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 12:15