Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութիւն. ֆրանչիսկոս Պապին քրիստոնէական վարդապետութեան բոլոր ուսուցումները:

Սրբազան Քահանայապետին, աշխարհի բոլոր ծագերէն ժամանած հաւատացեալներուն հետ հանդիպումները յոյժ կարեւոր կը նկատուին, որովհետեւ անոնք առիթ են՝ Պապին համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնական խորհուրդը հաղորդելու՝ դիւրին եւ մատչելի ձեւով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 7 օգոստոսին, ամառուան փոքրիկ դադարէն ետք կը վերսկսին  Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնները։ Այդ կը հադնիսանայ  թիւ 280 հրապարակային ունկնդրութիւնը  հաշուի առնելով ողորմածութեան յոբելենական տարուան առթիւ շաբաթ օրերը կատարած ունկնդրութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետին, աշխարհի բոլոր ծագերէն ժամանած անձերուն հետ հանդիպումները, յոյժ կարեւոր կը նկատուին , որովհետեւ անոնք Պապին համար առիթ կը հանդիսանան քահանայապետական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնական ուսուցումները հաղորելու՝ դիւրին եւ մատչելի ձեւով:

ֆրանչիսկոս Պապ մինչեւ այսօր  կատարած է 279 հրապարակին ունկնդրութիւններ:  2013-ին,  30 ունկնդրութիւն.  2014-ին, 43 ունկնդրութիւն 2015-ին՝ 54,  2016՝ ին 43 , 2017՝ին՝ 43 եւ 2018-էն մինչեւ 2019 յունիս ամիս՝43 ունկնդրութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետ ընտրուելէ ետք,  չորեքշաբթի օրուան  հրապարակին ունկնդրութեան իբրեւ նիւթ շարունակեց ընտրել Պենետիկսոս վաստակաւար Պապի կողմէ առաջարկուած՝  հաւատոյ տարուան առթիւ հաւատքի մասին նիւթերը- կեդրոնանալով դաւանանքի վրայ,  որուն յատկացուց  25 հրապարակային ունկնդրութիւնիններ։

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններուն ծիրէն ներս,  Ֆրանչիսկոս Պապ , Սուրբ խորհուրդներուն  յատկացուց 7 ունկնդրութիւն,  Սուրբ Հոգիին պարգեւներուն  7,  եկեղեցւոյ 115,  ընտանիքին 36, ողորմածութեան յոբելենական տարւոյն նուիրեց 49 ունկնդրութիւններ, քրիստոնէական յոյսի մասին ունեցաւ 38 ունկնկդրութիւն, Սուրբ պատարագի մասին 15, նկրտութեան  մասին՝6, դրօշմի մասին 3, պատուիրաններու մասին 17,  Հայր մեր տէրունական  աղօթի  մասին 16,  ի վերջոյ գործ առաքելոցին մասին   4 ունկնրութիւն:

27 մարտ 2013-ին, ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական առաջին  քրիստոնէական վարդապետութեան նիւթը նուիրեց աւագ շաբաթուան, բացատրելով , թէ իբրեւ յարուցեալ ապրիլ կը նշանակէ   հետեւիլ Յիսուսին՝ յարութեան եւ մահուան ուղեւորութեան մէջ, կը նշանակէ  միշտ մտել  Աստուծոյ տրամաբանութեան՝ խաչի տրամաբանութեան մէջ: Ան  նկատել տուաւ  որ հետեւիլ  Աստուծոյ այդ տրամաբանութեան մէջ  չնշանակեր  մտնել մահուան եւ վիշտին  մէջ  այլ նախ եւ առաջ կը նշանակէ  մուտք գործել սիրոյ եւ անձնուիրումի մէջ,  որ կեանք կը շնորհէ:

Աստուած իր անձէն դուրս ելաւ մեր մօտ գալու համար ,  մեզի փոխանցելու համար իր ողորմածութիւնը որ կը փրկարար է  եւ յոյս կը շնորհէ: Մենք եւս կ՝ուզենք Անոր  հետեւիլ:   Պէտք չէ  որ գոհանանք , մնալով  99 ոչխարներուն հօտին մէջ,  պէտք է դուրս ելլենք որոնելու համար կորսուած ոչխարը՝ ամենէն հեռու գտնուող ոչխարը: Աստուած միշտ ողորմածութեամբ կը մտածէ,  որովհետեւ ողորմածութեան Հայր է:  

Նշենք որ հրապարակային ունկնդրութիւնները քահանայապետին համար  առիթ  են  նաեւ կոչեր յղելու:

Ան Քահանայապետութեան 6 տարիներուն ընթացին  կատարած է շուրջ 120 կոչ  ուղղուած  համայն մարդկութեան։

Աւելի քան  40 կոչեր  կատարած է  խաղաղութեան ի սպաս։ 20 կոչ ուղղուած  աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն՝ յատուկէն հալածուած քրիստոնեաներուն, խտրականութեան եւ դժուարութեան մատնուած հաւատացեալներուն ի սպաս։ Այլ 15 կոչեր յղած է բնական աղէտներու թիրախ անձերուն համար:  10 կոչ յղած է  գաղթականներուն , ծովուն մէջ նաւաբեկումի աղէտի զոհ  անձեուն համար  ինչպէս նաեւ աղքատներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ բազմաթիւ  կոչեր կատարած է  նաեւ կեանքի պաշտպանութեան ի խնդիր: Անոնցմէ արժանի է յիշել  երկու կոչեր: Առաջինը՝ անցեալ տարի՝ Վինսենթ Լամպերթի եւ Ալֆէ էվասնի  ողբերագական դէպքերու տխուր առիթով:  Եւ երկորդը՝ 85 ամեայ միսիոնարուհի մանկաբարձուհի քոյր  Մարիա Քոնչելլլայի պարագան,  զոր ֆրանչիսկոս Պապ անձամբ  ուզեց ներկայացնել  անցեալ 27 մարտին հրապարակային  ունկնդրութեան ժամանակ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2019, 12:01