Նահատակ սարկաւագ սուրբ Լորենցօ Նահատակ սարկաւագ սուրբ Լորենցօ 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը, Սուրբ Լորենցոյի տօնին առիթով:

Նահատակ Սուրբ Լորենցօ եղած է Հռոմի առաջին եօթը սարկաւագներէն մէկը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 օգոստոս 2019ին, Սուրբ Լորենցոյի ծիսական տօնի առիթով հրապարակած թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալին գլխաւոր եւ միակ վկայութիւնը կը կայանայ « Յիսուս կենդանի է եւ կեանքի գաղտնիքն է հռչակելու մէջ:

Նշենք , Սուրբ Լորենցօ եղած է Հռոմի առաջին եօթը սարկաւագներէն մին: Ան նահատակուած է Հռոմի մէջ 258 թուականին, այն ժամանակուան կայսրին կողմէ հրահանգուած  քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած հալածանքի ժամանակ:

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոնեայ վկան, հիմնականին մէջ կը հռչակէ միայն այս, որ Յիսուս կենդանի է եւ կեանքի գաղտնիքն է:»  գրած է ֆրանչիսկոս Պապ, նահատակ Սուրբ Լորենցոյին տօնին նուիրուած թուիթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 13:30