Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տէր օգնէ մեզի ըլլալու եւ բարիին շինարարները եւ սիրտերու սփոփարարները:

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 օգոստոսի թուիթը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 24 օգոստոսին, Թուիթրի վրայ կատարած գրառումով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրաւիրեց Աստուծոյ աղօթել, որպէսզի բոլորիս շնորհէ սիրտերու մխիթարիչները դառնալու շնորհքը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Աստուած կը փառատէ մեր բոլոր վախերը, կ՝ամոքէ մեր ներքին եւ արտաքին վէրքերը, վերջապէս Աստուած որ միշտ մօտիկ է մեզի ձեռք տալու եւ վերականգնելու համար ամէն անգամ մը որ կը սխալինք կամ կ՝ենթարկուինք փորձութիւններուն:

«Աստուած, որ մեզ կը յիշէ, Աստուած որ կ՝ամոքէ մեր վէրքերու յուշերը ՝ զանոնք յոյսով օծելով, Աստուած, որ մօտիկ է մեզի՝ մեզ ներքնապէս վերականգնելու համար, թող օգնէ մեզի ըլլալու եւ բարիին շինարարները եւ սիրտերու սփոփարարները:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2019, 13:30