Ստրկութիւն խորհրդանշող լուսանկար: Ստրկութիւն խորհրդանշող լուսանկար: 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը, ստրուկներու առեւտուրի զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առթիւ:

Բոլորս ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն եւ ունինք միեւնոյն արժանապատուութիւնը:

Այսօր՝ ուրբաթ օգոստոս 23-ին, կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած  ստրուկներու առեւտուրի զոհերու յիշատակի միջազգային օրը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը  որուն մէջ նկատել տալով որ բոլորս Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծուած ենք, կոչ ուղղեց դադրեցնելու ստրկութեան առեւտուրը:  

Սրբազան Հայրը գրեց  «Բոլորս ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն եւ ունինք միեւնոյն արժանապատուութիւնը: Կասեցնենք Ստրկութիւնը

Յիշենք, թէ սոյն թուականը կ՛ուզէ յիշատակել այն դէպքը, որ պատահած էր  1791-ի օգոստոս 22էն- 23 լուսցնող գիշեր,  երբ՝ ափրիկեցի  այր մարդիկ ու կիներ՝ առեւանգուած ու արմատախիլ եղած իրենց ծննդավայրէն, իբրեւ ստրուկներ վաճառքի կը հանուին, անոնք ըմբոստանալով կը պայքարին՝  ձերբազատուելու համար  ստրկութեան վիճակէն: 

Այնուհետեւ սոյն դէպքէն ետք, Ափրիկէի մէջ «տիրապետական» կարգավիճակը  կը փլուզուի ու ազատութեան նոր շունչ մը կը ստեղծուի, որ պատճառ կը դառնայ նաեւ 1804-ին՝  Հայիթիի մէջ անկախութեան ստեղծումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2019, 13:30