Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

Ֆրանչիսկոս Պապ բարեփոխումներ կատարեց Վատիկանի դրամատան սահմանադրութեան մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ բարեփոխումներ կատարեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս քահանայապետին կողմէ վաւերացուած Վատիկանի դրամատան սահմանադրութեան մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիրով մը, Վատիկանի դրամատան IOR-ի սահմանադրութեան մէջ կատարեց կարգ մը բարեփոխումներ, որոնք կը հային դրամատան գերատեսչութեան խորհուրդի անդամներուն թիւին ընդլայնման, դրամատան եկեղեցական բարձրաստիճան ղեկավարին դերակատարութեան, արտաքին քննիչի պաշտօնին ինչպէս նաեւ հաստատութեան գործունէութեան բարոյական օրէնքներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ ինքնագիրին մասին պատրաստած խմբագրականին մէջ Տիար Անտրէա Թորնիէլլի կը գրէ, թէ «Ior-ի՝ վատիկանի դրամատան սահմանադրութեան բարեփոխութեամբ այլ կարեւորը քայլ մըն կ՝արձանագրուի, Վատիկանի դրամատան՝ միջազգային լաւագոյն չափանիշերուն յարմարելու գործընթացէն ներս, յատկապէս վերանորոգելու հաւատարմութիւնը, կրօնի գործերուն հաստատութեան սկզբնական առաքելութեան նկատմամբ:

Այլ նշանակալից նորութիւն մըն է նաեւ, դրամատան եկեղեցական բարձրաստիճան ղեկավարին դերակատարութեան սահմանումը, որ կը կայանայ անմիջական կապ պահելու մէջ հաստատութեան անձնակազմի բոլոր անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ հսկելու եւ զարգացնելու անոնց գործունէութեան բարոյական ծաւալը:

Անտրէա Թորնէլլի խմբագրականին մէջ գրած է նաեւ, որ ֆրանչիսկոս Պապի կատարած բարեփոխումներուն մէջ կան նաեւ կարեւոր կէտեր. դրամատան գերատեսչական անդամներուն թիւին ընդլայնումը, ներքին քննիչներուն ցանկի վերացումը, արտաքին քննիչին ներկայութիւնը որ պիտի նշանակուի դրամատան կարդինալական խորհուրդին կողմէ առաջարկուած գերատեսչականխորհուրդի կողմէ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 12:18