Որոնել

Ճենովա քաղաքի Մորատնի անուան կամուրջը Ճենովա քաղաքի Մորատնի անուան կամուրջը 

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Ճենովա քաղաքի Մորանտի կամուրջի փլուզման առաջին տարեդարձին առթիւ:

Նորին Սրբութիւնը, կամուրջի փլուզումը նկատելով Ճենովա քաղաքի սիրտին մէջ խոցուած վէրք, զայն ողբերգութիւն կը նկատէ նաեւ վիրաւորներուն եւ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ տարին 14 օգոստոս 2018-ին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքի մէջ փուլ եկաւ Մորանտի անուան քաղաքի ամենէն կարեւոր կամուրջը պատճառելով 13 մեռեալ, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ ու տեղահանուածներ :

Ունկնդրէ լուրը

Այս աղէտին՝կամուրջի փուլ գալուն առաջի տարեդարձին առթիւ, օգոստոս 13-ին, ֆրանչիսկոս Պապ, Իտալական  Secolo XIX օրաթերթին յղած նամակով մը իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը շարունակեց ցուցաբերել, աղէտի պատճառած զոհերուն հարազատներուն ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն ու վիրաւորներուն:

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ թէ մէկ տարի անցաւ Մորանտի անուան կամուրջի փլուզումէն, որ պատճառեց 13 մեռեալ, դիտել տալով, որ այդ կամուրջէն, գործի կամ արձակուրդի երթալու կամ գալու բերումով,  անցք կը կատարէին  ընտանիքներ, այր մարդիկ ու կիներ:

Նորին Սրբութիւնը,  կամուրջի փլուզումը նկատելով Ճենովա քաղաքի սիրտին մէջ խոցուած վէրք, զայն ողբերգութիւն  կը նկատէ նաեւ  վիրաւորներուն եւ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, դարձեալ ապահովուելով իր աղօթքը փլուզումէ տուժուած անձերուն եւ ճենովա քաղաքի համայն բնակչութեան, դիտել տալով որ ինք այդ տաժանելի կացութեան դիմաց չ՝ունենալով հանդերձ յարմար բառեր, սակայն ունի հաղորդելիք պատգամ մը՝ բխած իր հայրական եւ եղբայրական սրտէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը քաջալերէ Ճենովա քաղաքին բնակչութիւնը, « չթոյլատրելու, որ կեանքի իրադարձութիւնները բեկանեն  իրենց  հասարակութիւնը հիւսող կապերը եւ ջնջեն իրենց պատմութեան յիշատակը: Ան կը գրէ թէ ինք ամէն անգամ որ Ճենովա քաղաքին մասին մտածէ կը յիշէ այն վայրը ուրկէ մեկնած է իր հայրը,  կը յիշէ նաեւ ճենովա քաղաքին բնակչութեան անխոնջ աշխատանքը: 

Ան քաջալերանքին խօսքին մէջ կը  գրէ թէ Ճենովա քաղաքին բնակչութիւնը մինակ չէ նշելով որ  Աստուած ընդառաջելով մեր  աղաղակներուն իր Որդին ուղարկեց,  որ մեզմէ առաջ  անցաւ մահու ու տառապանքի ընդմէջէն եւ Իր ուսերուն վրայ կրեց մեր բոլոր տառապանքները: 

Սրբազան Հայրը նկատել կու տայ որ Յիսուս նաեւ խաչին վրայ մինակ չէր: Անոր մօտ կար Մայրը՝ Սիրամայրը որ խաչին ներքեւ կիսեց իր Որդոյն տառապանքը:

Ան շեշտեց  որ այս աշխարհին մէջ մինակ չենք ունինք Մայր մը, որ երկինքէն մեզի սիրով կը նայի: Յորդորեց մօտենալ Տիրամօր եւ զայն ողջագուրենք ըսելով Մայր իմ, նման  մանուկին որ առանց վախի կարօտը կը զգայ իր մօր մխիթարանքին  ու սփոփանքին: 

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ Ճենովայի բնակչութեան դիտել կու տայ,  որ անոնք մինակ չեն որովհետեւ իրենց կողքին կայ նաեւ  քրիստոնեայ հասարակութիւնը: Ան նկատել  կու տայ որ ինչքան իրազեկ կը դառնանք մեր տկարութեան, մեր մարդկային դիւրաբեկ պայմաններուն, այնքանով կը բացայայտենք մարդկային յարաբերութիւններուն գեղեցկութիւնը,  այն կապերը որոնք մեզ կը միացնեն իբրեւ ընտանիք, հասարակութիւն եւ քաղաքացիական ընկերութիւն: 

Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերելով Ճենովայի ժողովուրդը, որ առանց յուսալքուելու շարունակեն իրար զիրար օգնել եւ մօտիկ կանգնին կարիքաւորներուն, նամակը աւարտած է  դարձեալ ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2019, 09:07