Որոնել

Ամազոնի մէջ  ֆրանչիսկոս Պապին անունով նաւակ հիւանդանոց Ամազոնի մէջ ֆրանչիսկոս Պապին անունով նաւակ հիւանդանոց  

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը ողջունեց Պրազիլ հասած նաւակի մը վրայ կառուցուած հիւանդանոցի ծրագիրը։

Նաւակի վրայ կառուցուած հիւանդանոցին նպատակն է, ընդառաջել Տիրոջ հրաւէրին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պրազիլի հիւիսային շրջանը գտնուող Պէլէմ քաղաք հասաւ Ֆրանչիսկոս Պապին անունը կրող նաւակի վրայ կառուցուած հիւանդանոցը, որ օժտուած է աւելի քան 700 hիւանդներ ընկալելու կարողութեամբ, որուն բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ յուլիս ամիս։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, շաբաթ, 17 օգոստսոս թուակիր նամակով մը ողջունեց ու իր ուրախութիւնը յայտնեց նաւակին վրայ կառուցուած հիւանդանոցին համար, որուն նպատակը հիւանդները բուժելէ զատ, է նաեւ փոխանցել Աստուծոյ խօսքը Ամազոնի բնիկ ժողովուդրներուն, որոնց համար յառաջիկայ հոկտեմերին պիտի գումարուի եպիսկոպոսներուն սինոդը ։

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ կ՝ընդգծէ, թէ նաւակի վրայ կառուցուած հիւանդանոցին նպատակն է, ընդառաջել Տիրոջ հրաւէրին, որ է հռչակել Աստուծոյ արքայութիւնը, բուժել հիւանդները, եւ զարգացնել Ամազոնի մէջ մարդկային կեանքը։
Ան յիշել կու տայ, որ եկեղեցին կանչուած է դաշտային հիւանդանոց մը ըլլալու, հիւրընկալելով առանց խտրութեան որեւէ անհատ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ, թէ ինչպէս Յիսուս ծովուն մէջ հովը հանդարտեցնելով, առաքեալներուն հաւատքը զօրացուց, այսպէս նաեւ եկեղեցին այս նաւակով, հոգեկան սփոփանք պիտի փոխանցէ կարիքաւորներուն ինչպէս նաեւ իրենց ապագայով մտահոգուած այր մարդոց ու կիներուն։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գերապայծառ Օպիտոսին եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան՝ քրիստոնէական զօրակցութեան եւ հաւատքի գեղեցիկ սոյն նշանին համար։ Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՝աւարտէ առաքելական օրհնութիւնը տալով կամաւորներուն, բարերարներուն, հիւանդներուն, բժիշկներուն, հայցելով Նազարեթի Տիրամօր հովանին եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն եւ Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2019, 10:33