ֆրանչիսկոս Պապին ներածականով գիրքը ֆրանչիսկոս Պապին ներածականով գիրքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ժողովրդական շարժումները ընկերային փոխակերպութեան մղիչ ուժը»:

ժողովրդական շարժումներու բազմազանութիւնը, ընկերային այլընտրանք մըն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի տպագրատունի կողմէ յառաջիկայ սեպտեմբերին լոյս պիտի տեսնէ ֆրանչիսկոս Պապին ներածականով նոր գիրք մը ուր ամփոփուած են հազարաւոր ընկերակցութիւններուն, ժողովրդական եւ կրօնական շարժումներուն այն բոլոր փորձառութիւնները, որոնք կը հային խաղաղ եւ արդար ընկերութեան կերտման:

Ունկնդրէ լուրը

Հովանաւորութեամբ Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին լոյս տեսնելիք վերոնշեալ հատորին մէջ պարունակուած են 2014-ին, համաշխարհային հանդիպումներու ծիրէն ներս ներկայացուած ժողովրդական շարժումներուն ներկայացուցիչներուն կարեւորագոյն ելոյթները:

«Ժողովրդական շարժումներուն արշաւը, մեր ժամանակակից քաղաքական փոփոխութիւնը» գիրքի ներածականին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ տարածաշրջանային եւ գոյութենական արուարձաններուն մէջ ապրողները, ոչ միայն մասնիկ մը կը կազմեն այն բնակչութեան, որոնց իբրեւ եկեղեցի պէտք է հասնիլ, այլ անոնք արդիւնաբեր ու բերրի սերմն ու ծառն են ընկերութեան: Ան ընդգծելով, թէ արուարձաններուն եւ ընկերութեան եզրին ապրողները, կրաւորական կամ պարզ հանդիսատեսներ չեն, կը հաստատէ, թէ անոնք մարդկութեան ապագային գործօն եւ իսկական դերակատարներն են ինչպէս նաեւ ընկերային փոխակերպութեան հզօր ու մղիչ ուժը :

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ ժողովրդական շարժումներուն բազմազանութիւնը, որոնց արդարութեան ի խնդիր մղած պայքարներու փորձարարութիւնը, ամփոփուած են հատորին մէջ, կը ներկայացնէ ընկերային այլընտրանք մը, խորունկ աղաղակ մը, ինչպէս նաեւ յոյս մը, թէ կարելի է ամէն ինչ փոխել:

Ֆրանչիսկոս Պապ կրկին իր համոզմունքը յայտնելով որ մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ դարաշրջանային փոփոխութիւն մը յատկանշուած վախէ եւ ցեղապաշտութենէ նկատել կու տայ որ ժողովրդական շարժումները, բարոյական ուժի ակնաղբիւր են, որոնք կը վերակենդանացնեն մեր ժողովրդականութիւնները:

Ներածականին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով մարդկային աշխատանքին վրայ, զայն կը նկատէ մարդու սուրբ իրաւունքներէն մին, որ պէտք է պահպանուի իւրաքանչիւր մարդ էակի մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2019, 11:04