Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդ Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ինքնիշխանութիւնը դէպի պատերազմ կ՝առաջնորդէ. կարիքը կայ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան:»

Երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը հակաթոյնն է ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդապաշտութեան ընդէմ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հարցազրոյց մը ունեցած է իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարած է Եւրոպայի այժմեան քաղաքական կացութեան, գաղթականներուն հարցին, ինչպէս նաեւ արարչագործութեան պահպանման հրամայականին՝ ակնարկելով յառաջիկայ հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուելիք Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդին:

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Եւրոպան պէտք չէ քայքայումի ենթարկուի, պէտք է, որ ժողովուրդներու ինքնութիւնը պաշտպանուի ՝առանց փակումներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ընդգծելով, որ Եւրոպան հարուստ ժառանգութիւն մըն է մատնանշեց, որ  երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը հակաթոյնն են ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդապաշտութեան դէմ: Երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը շարժիչ ուժ կը նկատուին՝  նոր սլացք տալու գործընթացքի, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով սեփական ինքնութիւնը եւ մարդկային ու քրիստոնէական արժանիքները :

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց, որ Եւրոպան դառնայ եւ ըլլայ հիմնադիր հայրերու երազը, որ պատմական եւ մշակութային միութիւն է: եւ այս կատարելու համար Ան յորդորեց, վերսկսիլ երկխօսութենէն,  երկխօսութիւն կատարելով, ճանչնալով, համեմատելով նամանաւանդ ունկնդրելով, շեշտեց Սրբազան Հայրը: Ան ապա ընդգծելով մարդկային եւ քրիստոնէական արժանիքներուն կարեւորութիւնը դիտել տուաւ, որ Եւրոպան ունի մարդկային եւ քրիստոնէական արմատներ եւ ասոր փաստ է պատմութիւնը, ոչ միայն կաթողիկէներուն այլեւ բողոքականներում եւ օրթոտոքսներուն:

Քահանայապետը հուսկ իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւրոպայի մէջ կարգ մը երկիրներուն ինքնիշխան դառնալու գծով: Ան յարեց, թէ ինքնիշխանութիւնը կղզիացումի կեցուածք մըն է,  որ կ՝առաջնորդէ դէպի պատերազմներ, զգուշացնելով նաեւ ժողովրդապաշտութենէն:

Ինչ կը հայի գաղթականներուն, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց գաղթականները առաջնորդելու, ընկալելու, զարգացնելու եւ ընդելուզելու կարեւորութիւնը:

Ընդգծեց նաեւ «կեանքի իրաւունքը, որ է իրաւունքներու կարեւորագոյնը» ըսաւ յորդորելով,  որ պետութիւնները խոհեմութեամբ մտածեն ու գործեն, նամանաւանդ օգնեն աղքատ երկիրները՝ կասեցնելու համար գաղթականներուն հոսքը:

«Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը զրուցեց նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդին մասին, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ: Այս կապակցութեամբ Սրբազան Հայրը յարեց, թէ Գովեալ ըլլաս իր շրջափերականը,  կանաչ շրջաբերական մը չէ այլ ընկերային՝ հիմնուած արարչագործութեան պահպանումին վրայ : Ան նշեց, որ Ամազոնի եպիսկոպոսներուն սինոդը, գիտնականներու եւ քաղաքագէտներուն ժողով մը չէ այլ ժողովը մը,  որ կը ծնի եկեղեցիէն եւ ունի աւետարանումի առաքելութիւն: Սինոդը հաղոդութեան աշխատանք է առաջնորդուած ՝Սուրբ Հոգիէն, որուն ընթացքին պիտի արծարծուին աւետարանումի ձեւերուն հայող նիւթեր, որոնց շարքին ամուսնացած տարեց այրերու քահանայական ձեռնադրութիւնը՝  հոն ուր պակասը կայ քահանաներուն : Ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալական օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2019, 11:12