Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարեմեան Աղօթք. Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Ամազոնեան անտառներու հրդեհներու կասեցման համար։

Յիսուս չի խոստանար. «այո՛, հանգիստ եղէք, դիւրութեամբ ընթացէք, շատ գեղեցիկ մայրուղի մը կայ, եւ վերջաւորութեան մեծ դարպաս մը…»։ Ո՛չ, Յիսուս կ՚ըսէ մեզի իրականութիւնը, եւ դա հանգստաւէտ չէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 25 օգոստոսին, Հրեշտակ Տեառնի աղօթի խորդհածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանի ընթերցուածը, ուր Ղուկաս Աւետարանիչ կը ներկայացնէ Յիսուսի առակներէն մին (հմմտ Ղուկ ԺԳ. 22-30)։ Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Յիսուս կ՚անցնի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ուսուցանելով, եւ կ՚ուղղուի Երուսաղէմ, ուր գիտէ թէ պիտի մեռնի խաչին վրայ փրկելու համար բոլոր մարդիկ։ Յիսուսի կ՚ուղղուի հետեւեալ հարցը. «Տէր, քի՞չ է անոնց թիւը որոնք պիտի փրկուին» (Ղուկ ԺԳ. 23)։ Այն ժամանակ այս հարցը վիճելի կէտ մըն էր, եւ այդ առընչութեամբ զանազան կերպեր կային Սուրբ Գրքերը մեկնաբանելու։ Յիսուս սակայն կը շրջէ հարցը, որուն նպատակն էր քանակը - «արդեօ՞ք քիչ են», եւ հարցը կը տեղադրէ պատասխանատուութեան մակարդակի վրայ, մեզի կոչ ուղղելով որ գործենք բարին ներկայի մէջ։ Ան կ՚ըսէ. «աշխատեցէք մուտք գործել նեղ դռնէն, որովհետեւ կ՚ըսեմ ձեզի, շատեր պիտի աշխատին մտնել, սակայն պիտի չյաջողին»։

Ունկնդրէ լուրը

Այս խօսքերով, Յիսուս կը հասկցնէ, թէ թիւի հարց չէ, եւ թէ դրախտը չունի սահմանափակուած թիւ։ Հարցը կը կայանայ ճիշտ ճանապարհէն ընթանալու մէջ, եւ թէ այդ ճանապարհը բաց է բոլորին համար, սակայն նեղ։

Յիսուս չ՚ուզեր խաբել մեզ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Յիսուս չի խոստանար. «այո՛, հանգիստ եղէք, դիւրութեամբ ընթացէք, շատ գեղեցիկ մայրուղի մը կայ, եւ վերջաւորութեան մեծ դարպաս մը…»։ Ո՛չ, Յիսուս կ՚ըսէ մեզի իրականութիւնը, եւ դա հանգստաւէտ չէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ «փրկուելու համար պէտք է սիրել զԱստուած եւ ընկերը, եւ այս հանգստաւէտ բան մը չէ։ Նեղ դուռ մըն է, որովհետեւ դժուարին է, կը պահանջէ յանձնառութիւն, մանաւանդ եւս ճիգ, այսինքն վճռական կամք եւ յարատեւութիւն՝ ապրիլ Աւետարանի համաձայն։ Պօղոս առաքեալ այդ կ՚անուանէ. ՚հաւատքի բարի պայքար՚» (Ա. Տիմ Զ. 12)։

Աւելի լաւ բացատրելու համար, Յիսուս կը պատմէ առակ մը։ Տանտէր մը կայ, որ կը ներկայացնէ զԱստուած։ Անոր տունը խորհրդանիշն է յաւիտենական կեանքի, փրկութեան։ Այստեղ կրկին կը տեսնենք դարպասի պատկերը։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Երբ տանտէրը ելլէ եւ դուռը փակէ, դուք դուրս պիտի մնաք, պիտի սկսիք դուռը բախել եւ ըսել՝ Տէր բաց մեզի։ Սակայն ան ձեզի պիտի պատասխանէ. «չեմ գիտեր ուրտեղէն էք»։ Այդ անձերը պիտի փորձեն իրենք զիրենք ծանօթացնել, տանտիրոջ պիտի յիշեցնեն թէ անոր տան մէջ կերած ու խմած են անոր հետ, եւ լսած են անոր ուսուցումը հրապարակներու վրայ։ Սակայն Տէրը պիտի կրկնէ թէ չի ճանչնար զանոնք, եւ զանոնք կ՚անուանէ «անարդարութեան մշակներ»։

Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ «Տէրը մեզ պիտի ճանչնայ ոչ թէ մեր կրած տիտղոսներուն միջոցաւ, այլ խոնարհ եւ բարի կեանքի մը միջոցաւ, հաւատքով ապրուած կեանքի մը միջոցաւ որ կ՚արտայայտուի բարի գործերու մէջ։»

Մեզի, քրիստոնեաներուս համար, այս կը նշանակէ թէ կոչուած ենք հաստատելու ճշմարիտ հաղորդութիւն մը Յիսուսի հետ, աղօթելով, եկեղեցի երթալով, Սուրբ Խորհուրդներուն մօտենալով եւ սնուելով անոր Խօսքէն։ Սա մեզ կը պահէ հաւատքի մէջ, կը սնուցանէ մեր յոյսը, կը վերակենդանացնէ սէրը։ Եւ այսպէս, Աստուծոյ շնորհքով, կրնանք եւ պէտք է մեր կեանքը անցընենք եղբայրներու բարիքին համար, պայքարինք չարի եւ անարդարութեան բոլոր ձեւերուն դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խորդհրդածութիւնը ըսելով. «Թող Սուրբ Կոյս Մարիամ օգնէ մեզի։ Ան անցաւ նեղ դռնէն, որ է Յիսուսը։ Ընդունեց զայն իր ամբողջ սրտով եւ հետեւեցաւ անոր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, նոյնիսկ այն ժամանակ երբ չէր հասկնար, նոյնիսկ այն ժամանակ երբ սուր մը կը խոցէր իր սիրտը։ Ասոր համար զինք կը կոչենք «Երկնքի Դուռ»։ Դուռ մը, որ կը ներկայացնէ Յիսուսի կերպարը. Աստուծոյ սրտին դուռը, որ պահանջկոտ է, սակայն՝ բաց բոլորին։»

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Հրեշտակ Տեառնի աղօթքէն ետք Սրբազան Պապը ողջունեց հրապարակի վրայ ներկայ Հռոմի բնակիչները եւ ուխտաւորները եւ աւելցուց.«Բոլորս ալ մտահոգ ենք Ամազոնի մէջ զարգացած հսկայական հրդեհներով։ Աղօթենք, որպէսզի, բոլորի ջանքերով, անոնք շուտով կասեցուին։ Անտառներու այդ թոքը կենսական է մեր երկրագունդի համար։» Ապա ան բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ յիշեցուց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2019, 12:24