Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սուրիոյ համար վարդարաններու օրհնութիւն Վերափոխման տօնի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

«Ես կ՛օրհնեմ վեց հազար վարդարաններ, որոնք պիտի բաժնուին Սուրիոյ կաթողիկէ հասարակութեան անդամներուն, որպէս իմ մօտիկութեանս արտայայտութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 15 օգոստոսս 2019-ի կէսօրին, լատինաց մօտ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն  մարեմեան աղօթքի աւարտին,  ողջունելով սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, իր մօտիկութիւնը յայտնեց կեդրոնական Ասիայի շրջաններու զանազան երկիրներու բնակիչներուն, որոնք անցեալ օրերուն թիրախ եղան աղէտալի անձրեւներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն ու տեղահաններուն ու բոլոր տնանկ ընտանիքներուն համար։ Տէրը ուժ պարգեւէ անոնց ու զանոնք փրկողներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Լեհաստանի Զեսթոքովայի սրբավայրին մէջ վերափոխման տօնի առթիւ համախմբուած ուխտաւորները- որոնք կը յիշատակեն նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումին հարիւր ամեակը։ Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնները յղելէ ետք բոլոր լեհ հաւատացեալներուն, ողջունեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները, անոնցմէ խնդրելով որ  «աղօթքով ընկերանան իրեն կատարած արարքին. Օրհնել մեծ թիւով վարդարաններ, որոնք յատկացուած են Սուրիոյ եղբայրներուն» յարեց Սրբազան Պապը նշելով որ այդ մէկը նախաձեռնութիւնն է  «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» ընկերակցութեան։

«Այսօր Մարիամի այս մեծ տօնին օրը ես կ՛օրհնեմ վեց հազար վարդարաններ, որոնք ապա պիտի բաժնուին Սուրիոյ կաթողիկէ հասարակութեան անդամներուն, որպէս իմ մօտիկութեանս արտայայտութիւն, յատկապէս այն ընտանիքներուն որոնք պատերազմի պատճառաւ զոհեր ունեցան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց.

«Հաւատքով կատարուած աղօթքը զօրեղ է» ապա հրաւէր ուղղեց բոլորին «շարունակելու աղօթել Սուրբ Վարդարանը Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար»։

Սրբազան Հայրը օրհնելէ ետք վարդարանները հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն մաղթելով Վերափոխման բարի տօն ու խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2019, 12:12