Ինտոնեզիայի ազգային Միսիոներական համագումարին առթիւ Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը։

«Մկրտուած եւ առաքուած այս երկուքը համագումարին առանցքը կը կազմեն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1 – 4 օգոստոս 2019-ին, Ինտոնեզիայի մայրաքաղաք Ճաքարթայի Անքոլ Պանդոկին մէջ կազմակերպուած է  Ինտոնեզիայի ազգային Միսիոներական Համագումարը, որուն բնաբանն է «մկրտուած եւ առաքուած»։

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարի բացման արարողութեան ընթացքին մասնակիցներուն ցուցադրուեցաւ այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղղած լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ Ան հրաւէր ուղղեց բոլորին լաւապէս մտածելու համագումարի բնաբանի մասին «մկրտուած եւ առաքուած»։ Ան ապա յայտնեց թէ երբ մկրտուած ենք կ՛ընդունինք Սուրբ Հոգին որ գանձ մըն է, կ՛ընդունինք Յիսուսին պատգամը՝ Աւետարանը մեր մէջ։ Ու երբ մէկը գեղեցիկ բան մը ունի եւ անով հրճուած է, կը զգայ նաեւ կարիքը զայն պարգեւելու ուրիշներուն։

«Մկրտուած եւ առաքուած, այս երկուքը համագումարին առանցքը կը կազմեն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հարց տալով  «Ի՞նչպէս  կ՛ապրիմ մկրտութիւնս» ու դարձեալ հրաւէր ուղղելով  ի միտ ունենալու երկու բառերը «մկրտուած եւ առաքուած»։

Ան ապա նշեց թէ Քրիստոնեան միշտ դէպի յառաջ կ՛ընթանայ։ Մենք դէպի ետեւ ընթացող մարդիկ չենք, աւելցուց  Ան, դիտել տալով որ «երբ մէկը ետեւ կ՛երթայ քրիստոնեայ չէ, որովհետեւ քրիստոնեան յառաջ կ՛երթայ ու այս կը նշանակէ ըլլալ «առաքուած» որովհետեւ Հոգին Սուրբն է որ զիս կը մղէ դէպի առջեւ։

«Ուրեմն քաջութիւն՝ յառաջ, միշտ դէպի յառաջ, «մկրտուած եւ առաքուած» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղելով «աղօթելու այդ դիտաւորութեամբ, որպէսզի Տիրամայրը պահպանէ  զանոնք ու անոնց օգնէ յառաջ ընթանալու համար»։  

«Աղօթեցէք ինծի համար եւս եւ այժմ բոլորիդ կը շնորհեմ իմ օրհնութիւնս։ Օրհնէ ձեզ ամենակալ Աստուած՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ Ամէն»,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 14:00