Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ 5000 Սկաուտներու Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ 5000 Սկաուտներու 

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ 5000 Սկաուտներու. «Տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի»։

Ձեզի կը մաղթեմ ըլլալ ճանապարհ բացողներ՝ նուիրուի ճանապարհին վրայ, տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 օգոստոս 2019-ին առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ու աշխարհի այլ երկիներէն կաթողիկէ սկաուտական դաշնութեան 5000 անդամներուն որոնք այսօր կը լրացնեն հինգ Սուրբերու հետքերուն վրայ կատարած ուխտագնացութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ազատութիւնը ձեր կը բերուի ուղեւորութեան մէջ

Հանդիպման սկիզբը Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյին որ կը գլխաւորէր Սկաուտներու պատուիրակութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, «որովհետեւ», ըսաւ Սրբազան Պապը, «երկար ճանապարհ կտրեցէք հոս հասնելու համար, ու թէեւ քիչ մը յոգնած էք վստահ եմ որ ներքնապէս դուք ձեզ աւելի ազատ կը զգաք… որովհետեւ ազատութիւնը ձեռք կը բերուի ուղեւորութեան մէջ ու ոչ թէ փակ մնալով մենք մեր մէջ, կամ սենեակի մը մէջ բջիջային հեռաձայնի ընկերակցութեամբ,  ու ոչ իսկ դիմելով թմրեցուցիչներու ու այլ նիւթերու, հեռանալով իրականութենէն։

«Ազատութիւնը կը հասնի քայլ առ քայլ ուրիշներու հետ քալելով» վերահաստատեց Սրբազան Պապը ակնարկելով սկաուտներուն հինգ սուրբերու հետքերուն վրայ կատարած ուխտագնացութեան։ Սուրբեր ինչպէս Սուրբ Պօղոսը, Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսը, Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները,  Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ե Սրբուհի Կատարինէն։ Զանոնք միացնող յատկանիշը եղաւ վստահիլ Աստուծոյ ու իրենց կեանքը վտանգել իրականացնելու համար մեծ երազներ, որոնք դարեր անց տակաւին բարիք կը սփռեն։ Անոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ուրիշներուն…յարեց Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ այս հանդիպումին առթիւ ինք կ՛ուզէ ներկաներուն փոխանցել հինգ բառեր քաղուած աւետարանի մէջ պարունակուած Յիսուսին խօսքերէն. «Տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկաս 6, 38)։

Ամենէ առաջ Տալ

Ամէնէ առաջ տուէք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, թէեւ այսօր աւելի միտում կայ ունենալու։ Շատեր արդարեւ կ՛ապրին միայն սեփականութիւն դիզելու հրճուանքով սակայն երբեք ուրախ չեն, որովհետեւ միշտ աւելին կը փափաքին, մինչ սիրտը կը մարզուի նուիրումով, եւ ասոր համար Յիսուս առաջնահերթ կը նկատէ տալը՝ պարգեւելը։

Տալ կը նշանակէ աշխարհին պարգեւել բարիք ու այդ կարելի է ոչ թէ հանգսավէտ կեանքով այլ յոյսով,  որովհետեւ ամենագեղեցիկ երազները կարելի է ձեռք բերել յոյսով, համբերութեամբ ու յանձնառումով» հաստատեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները վստահելու Յիսուսին որ Տուէք ըսելէ ետք աւելցուց «պիտի տրուի ձեզի»։ Աստուած արդարեւ Հայր է ու պիտի պարգեւէ մեզի աներեւակայելին։ Երբ կը թուի որ Ան մեզմէ կը խլէ բան մը պարզապէս այդ կ՛ընէ որպէսզի աւելին ու աւելի լաւը պարգեւէ մեզի։ Ան մեզ կ՛ազատէ սուտ խոստումներէն։ Յիսուս մեզ երջանիկ կը դարձնէ ներքնապէս ոչ թէ արտաքինով, մեզի կու տայ բան մը որ ուրիշ ոչ մէկը կարող է պարգեւել ՝ «մենք մեզ սիրուած զգալու ու սիրելու ուրախութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ «կեանքը կարելի է ունենալ միայն զայն նուիրելով»։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ է ու ոչ մէկը կարող է աշխարհին պարգեւել այն ինչ որ դուն պիտի պարգեւես» շարունակեց Սրբազան Պապը հաւաստիացնելով զանոնք որ թանկագին են Աստուծոյ աչքերուն առջեւ ու թանկագին նաեւ Եկեղեցւոյ համար։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները ապրելու սկաուտական եղբայրութիւնը կառուցելու կամուրջներ եւ ուշադրութիւն դարձնելու ուրիշին։

«Տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի» խօսքը կը վերաբերի նաեւ ստեղծագործութեան։

Եթէ շարունակենք շահագործել զայն, ան մեզի սարսափելի դաս մը պիտի տայ, մինչ եթէ խնամք տանինք անոր, ապագայի համար տուն մը կ՛ունենանք» դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը նշելով որ արարչագործութիւնը եղած է մեզ կապելու համար Աստուծոյ եւ ուրիշներուն, ան Աստուծոյ ընկերային ցանցն է ուր ամէն բան իրարու զօդուած է ու իրարմէ կախուած։

«Ասոր համար հարկաւոր է հանդիպիլ ուրիշին ու անոր մէջ վերագտնել եղբայր մը որուն հետ ապրիլ հասարակաց տան մէջ» խրախուսեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց սկաուտներուն պատրաստելու Տիրոջ ճանապարհը։  Ճանապարհ որ դիւրաւ կը գտնուի որովհետեւ որպէս ուղեցոյց ունի նուիրումը որ յառաջ կը տանի համայն աշխարհը։

«Տէրը  չի փնտռեր միայն բարին այլ նաեւ մարդիկ որ բարիք կը գործեն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Եւրոպայի համար սէրն ալ չի փնտռեր միայն ուշադիր դէտեր այլ գործունեայ կառուցողներ։ Կառուցողներ հաշտուած ու ընդելուզուած հասարակութիւններու, որ կեանք տան նորոգուած Եւրոպայի մը։

Կերտել նորոգուած Եւրոպայ մը

«Ձեր ուղեւորութեամբ ու ձեր երազներով դուք արդեն կը կերտէք Եւրոպային հոգին»։ ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ սկաուտներու շքանշանին որ «շուշանն» է եւ որ հին կողմնացոյցներու ու նաւարկութեան հին քարտէսներու վրայ ցոյց կու տար Հիւսիսը։ Այս կը յիշեցնէ որ սկաուտական շարժումը  կ՛ուզէ կազմել մարդիկ եւ կիներ որոնք ճանապարհ կը բանան դէպի բարձրը եւ շիտակ ուղեցոյցի վրայ կը քալեն որ է բարին։

Ձեզի կը մաղթեմ ըլլալ ճանապարհ բացողներ՝ նուիրումի ճանապարհին վրայ, տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի։ Շնորհակալութիւն ու կը խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար։ Բարի երթ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով ճառը։   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 11:10