Որոնել

«Ռիմինիի Միթինկ»ը «Ռիմինիի Միթինկ»ը 

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ Քահանայապետին պատգամը «Ռիմինիի Միթինկ»ին։

«Այս է իրականութիւնը զոր Եկեղեցին մարդուն կը հռչակէ 2000 տարիէ ի վեր. Քրիստոս մեզ սիրեց, իր կեանքը տուաւ մեզի համար, իւրաքանչիւրիս պարգեւելու միակ եւ անկրկնելի դիմագիծ մը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում շարժումի 2019 տարուայ Ռիմինիի մէջ 18 - 24 օգոստոսին գումարուած ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան տօնավաճառին առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը  տօնավաճառի մասնակիցներուն պատգամ մը յղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին որուն մէջ անոնց փոխանցեց Նորին Սրբութեան լաւագոյն մաղթանքները։

Ունկնդրէ լուրը

Ակնարկելով ապա այս տարուայ նիւթին, քաղուած երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի մէկ բանաստեղծութենէն որ կը հայի Վերոնիքային որ Յիսուսի ճանապարհ խաչի ընթացքին Անոր կը մօտենայ անոր երեսը սրբելու համար, Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը վերաբերող Զակքէոսին որ ամբոխին մէջ կ՛արժանանայ Յիսուսին հայեացքին ու այդ հայեացքով ինք եւս տեսողութիւնը կ՛ընդունի։

«Այս է  իրականութիւնը զոր Եկեղեցին մարդուն կը հռչակէ 2000 տարիէ ի վեր. Քրիստոս մեզ սիրեց, իր կեանքը տուաւ մեզի համար, իւրաքանչիւրիս պարգեւելու միակ եւ անկրկնելի դիմագիծ մը» հաստատեց Կարդինալ Փարոլին ակնարկելով ժամանակակից մարդոցմէ շատերուն, որոնք յաճախ ստրուկ են եւ ընկճուած  կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց ու իրենք զիրենք կը զգան լքուած ու միայնակ։

«Անոնք յաճախ   թիւեր նկատուած են,  մոռնալով որ անոնք ունին դիմագիծ, անուն, պատմութիւն։ Պէտք չէ երբեք մոռնալ այս մէկը, յատկապէս երբ մնացորդացի մշակոյթը կը շահագործէ, կը կղզիացնէ ու խտրականութիւն կը յառաջացնէ, սպառնալով մարդուն արժանապատուութեան» նկատել տուաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը դիտել տալով որ «բազմաթիւ մոռցուածներ այսօր կարիքը ունին Տիրոջ հայեացքին, վերագտնելու համար իրենք զիրենք»։

«Ժամանակակից մարդը այսօր յաճախ կ՛ապրի անապահովութեան մէջ» շարունակեց Կարդինալ Փարոլին, նկատել տալով որ մարդը կարող է իր վախերը յաղթահարել իր հայեացքը կեդրոնացնելով Յիսուսին վրայ։ Յիսուսին նայիլը կը բիւրեղացնէ հայեացքը ու մեզ կը պատրաստէ տարբեր աչքերով նայելու կեանքին։

«Յիսուսին հանդիպելով աղքատները կը վերագտնէին իրենք զիրենք ու կը զգային Անոր անհուն սէրը» շեշտեց Վատիկանի Պետքարտուղարը հաստատելով որ «մենք եւս արժանի ենք Յիսուսին հայեացքին, ընտրուեցանք, ողջագուրուեցանք... մենք եւս օտարականներ էինք ու Տէրը եկաւ մեզի պարգեւելու ինքնութիւն մը ու անուն մը»։

Պատգամի աւարտին  Ֆրանչիսկոս Պապին Զակքէոսի Յիսուսին հետ հանդիպումի մասին քարոզի խօսքերը մէջբերելէ ետք, կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ «Յիսուսի հայեացքը ու անոր հետ հանդիպումը քրիստոնեաներու ներկայութիւնը միւս ներկայութիւններէն տարբեր կը դարձնէ, որովհետեւ անոնք կը կռեն աւետիսը, որուն կարիքը ունին այսօրուայ մարդիկն ու կիները. Մեր մէջն է Ան որ կեանքի յոյսն է։

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը մաղթէ որ տօնավաճառը միշտ աւելիով ըլլայ հիւրընկալութեան վայր, որտեղ անձերը կարող ըլլան իրարու հայեացքներ ուղղելու…այս չորս տասնեակներու յիշողութիւնը կարողանայ յառաջացնել նոր ուժականութիւն՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներու հորիզոններու դիմաց բաց հաւատքի վկայութեան համար»  գրեց ապա Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու բոլորին փոխանցելով Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնները։

Ան ապա պատգամը եզրափակեց իր անձնական բարի մաղթանքներն ալ փոխանցելով բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2019, 13:30