Փարիզի մէջ Աստուածամօր թափօր Փարիզի մէջ Աստուածամօր թափօր 

Քահանայապետին պատգամը Փարիզի թեմին. «Հաւատացեալները Նոր մարդկայնութեան կառուցողներ»։

Աստուածամօր վերափոխման տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղեց Փարիզի թեմի հաւատացեալներուն, հրաւիրելով զանոնք ըլլալ «Յիսուս Քրիստոսի մէջ խարսխուած Նոր մարդկայնութեան կառուցողներ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փարիզի Նոթր Տամ եկեղեցւոյ հրկիզումէն չորս ամիսներ ետք, Փարիզի թեմը 15 օգոստոս 2019-ին, հաւատացեալներուն ժամադրութիւն տուաւ «Սէն Լուիս» կամուրջի վրայ, սկիզբ տալու վերափոխման տօնի թափօրին, որ ապա ուղղուեցաւ դէպի «Սէն Սիւփլիս» եկեղեցի, ուր Փարիզի առաջնորդ գերապայծառ Միշել Օփըթին նախագահեց Վերափոխման տօնի սուրբ պատարագը։

Աւանդական այդ թափօրին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կարդինալ Փարոլին ստորագրութեամբ պատգամ մը յղեց գերապայծառ Օփըթիին որուն մէջ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտեց բոլոր հաւատացեալներուն ապահովեցնելով որ «Մարիամը իսկական մօր նման կը քալէ մեր կողքին ու մեր հետ կը պայքարի, տարածելով Աստուծոյ սիրոյ մօտիկութիւնը։Ան կը կիսէ Աւետարանը ընդունող ամէն մէկ ժողովուրդի պատմութիւնը» գրեց Սրբազան Պապը Աստուածամօր բարեխօսութեամբ Աստուծմէ խնդրելով որ Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած «ճարտարապետական զարդը» դառնայ նշան զօրեղ վերածնունդի ու հաւատացեալներու հաւատքի վերազարթօնքի։ «Անոնք լի յոյսով պիտի ըլլան Յիսուս Քրիստոսի մէջ խարսխուած նոր մարդկայնութեան մը կառուցողներ» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ 15 օգոստոսի Վերափոխման տօնի առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն առթիւ Փարիզի առաջնորդը նորոգեց Լուիս ԺԳ թագաւորի 1628-ի «ուխտը» Ֆրանսան նուիրելով  Մարիամի հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2019, 19:12