Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Միասնական պատասխաններ տալ աղքատներուն եւ տկարներուն» Ֆրանչիսկոս Պապը Մեթոտիսդ Եկեղեցիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ յղեց Թորինօ քաղաքին մէջ գումարուած Վալտէզ եւ Մեթոտիսդ Եկեղեցիներուն սիւնհոդոսին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միութիւնը, իրար հասկացողութիւնը, համագործակցութիւնն ու յանձնառումը՝ միասնական պատասխաններ շնորհելու աղքատներուն» ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին Վալտէզ եւ Մեթոտիսդ եկեղեցիներու  միութեան սիւնհոդոսի մասնակիցներուն ուղղած պատգամը, Թորինոյի մէջ գումարուած սիւնհոդոսական նիստին բացման առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Քահանայապետը վստահեցուց  թէ «կ՛աղօթէ բոլորին համար, որպէսզի այս հանդիպումի, աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրերու ընթացքին կարողանան փորձարկել Սուրբ Հոգին որ կը ոգեւորէ եւ ուժ կը պարգեւէ քրիստոնէական վկայութեան»։ Ան ապա մաղթեց քրիստոնեաներու միջեւ աւելի համամիութենական հոգիի ամրապնդում, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան աճ»։

Սրբազան Հայրը  շեշտեց Քրիստոսի եւ Աւետարանի վաւեր վկայութեան մը հրատապութիւնը հաստատելով որ «կանչուած ենք հետապնդելու մեր յանձնառումը, իրար ճանաչողութեան, հասկացողութեան ու համագործակցութեան մէջ, վկայելու համար Յիսուսը ու անոր սիրոյ Աւետարանը»։

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ, նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելը, ընդգծեց  թէ «որպէս Քրիստոսի առաքեալներ մենք կարող ենք պատասխաններ տալ այն տառապանքներուն, որոնք կը տանջեն բազմաթիւ անձեր, յատկապէս աղքատներն ու տկարները, խթանելով արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 08:44