Որոնել

Քահանաներ Քահանաներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Քահանաներուն «Շնորհակալութիւն ձեր ծառայութեան համար»

Քահանաներու տիպար՝ Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսին մահուան 160րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը նամակ մը կ՛ուղղէ Քահանաներուն որուն մէջ կը յայտնէ աջակցութիւն, մօտիկութիւն ու քաջալերանք բոլոր այն քահանաներուն որոնք հակառակ բոլոր յոգնութիւններուն ու հիասթափութիւններուն ամէն օր կը շարունակեն առաջնորդել Աստուծոյ ժողովուրդը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիշելով աշխարհի բոլոր ժողովրդապետներու պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսին մահուան 160րդ տարելիցը, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կ՛ուղէ «եղբայրակից Քահանաներուն» ու յատկապէս անոնց որոնք «ամէն ինչ կը թողուն ու յանձնառումով կը նուիրուին հասարակութիւններուն, անոնց որոնք կ՛աշխատին «ճակատին» վրայ, անոնց որոնք ամէն օր իրենց  կեանքը կը վտանգեն, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը խնամուած ըլլայ ու առաջնորդուած»։

«Ձեզի կը դիմեմ – կը գրէ Քահանայապետը – որ բազմաթիւ առիթներով ու զոհողութեամբ եւ աննկատ կերպով, յոգնութեան, հիւանդութեան ու փլուզման եզրին, կը ստանձնէք ձեր առաքելութիւնը որպէս ծառայութիւն Աստուծոյ ու Անոր ժողովուրդին, ու հակառակ ճանապարհորդութեան բոլոր դժուարութիւններուն, դուք կը շարադրէք Քահանայութեան կեանքին ամենագեղեցիկ էջերը»։

Ցաւ

Քահանայապետին նամակը կը սկսի «եկեղեցւոյ ներքոյ ոտնձգութիւններու ու չարաշահումներու» մասին ակնարկով մը, զոր Ան կը ներկայացնէ որպէս զոհերուն ճիչը որ յաճախ ենթարկուած էր լռութեան։ Սակայն, կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապ, «առանց անշուշտ ժխտելու պատճառուած վնասները», անարդար պիտի ըլլար չի ճանչնալ ու չ՛ակնարկել այն բազմաթիւ քահանաներուն, որոնք յարատեւողական ու համապարփակ կերպով իրենք զիրենք ամբողջութեամբ կը նուիրեն ի նպաստ ուրիշներու բարիքին։ Այն քահանաները որոնք իրենց կեանքը կը դարձնեն ողորմութեան ներգործութիւն, վայրերու մէջ, որոնք անհիւրընկալ, հեռու ու մոռացութեան մատնուած են շատերէն, վտանգի տակ դնելով նաեւ իրենց սեփական կեանքը»։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ քահանաներուն ու զանոնք կը հրաւիրէ յուսալքումի չի մատնուելու, որովհետեւ  «Տէրը պիտի բիւրեղացնէ իր Հարսը ու արդեն մեզ դարձի կը բերէ դէպի իրեն։ Ան մեզի փորձարկել կու տայ ցաւը որպէսզի հասկնանք թէ առանց Անոր մենք պարզապէս փոշի ենք»։

Երախտագիտութիւն

Քահանայապետի նամակին երկրորդ կարեւոր բառը երախտագիտութիւն է ։ Ան կը յիշեցնէ որ կոչումը մեզի վերապահուած ընտրանք մը չէ, այլ պատասխան է Տիրոջ ձրի կոչին։ Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ վերադառնալ այն լուսաւոր պահերուն ուր փորձարկեցինք Տիրոջ կոչումը՝ մեր կեանքը դնելու անոր ծառայութեան տակ։

Դժուարութեան, դիւրաբերութեան ու տկարութեան պահերուն, երբ ամենածանր փորձութիւնները կ՛ապրինք, վճռական պայման  է չի կորսնցնել  Տիրոջ մեր կեանքին մէջ անցքին յիշողութիւնը ու Անոր հրաւէրը՝ մենք մեզ վտանգելու Իրեն ու իր ժողովուրդին համար։

Երախտագիտութիւնը, կը գրէ Սրբազան Պապը, զօրեղ զէնք մըն է։ Միայն երբ կարող ըլլանք շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր այն սիրոյ, վեհանձնութեան, զօրակցութեան, վստահութեան ու նաեւ ներումի, համբերութեան, կարեկցութեան, որոնք մեզի նուիրուեցան,  այն ժամանակ է որ թոյլ կու տանք Սուրբ Հոգիին որ մեզի շնորհէ այն թարմ շունչը որ կարող է  վերանորոգել մեր կեանքը ու մեր առաքելութիւնը։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ  քահանայ եղբայրներուն, անոնց ապրած հաւատարմութեան համար, անոնց առօրեայի առաքելական գործերուն համար, մատակարարած  Խորհուրդներուն համար ու անոնց մարդոց հետ քալելուն ու զանոնք դէպի փրկութիւն առաջնորդելուն համար։

Շնորհակալութիւն այն բոլոր անգամներուն համար երբ ընկալեցիք անոնք որոնք կորսուած, ինկած ու արհամարհուած էին ու խնամեցիք անոնց վէրքերը…ոչ մէկ բան աւելի հրատապ է քան մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնը ու տառապող եղբօր դարմանումը» կը հաստատէ Սրբազան Հայրը ու այս առնչութեամբ գոհութիւն  կը յայտնէ նաեւ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին հաւատարմութեան  համար, որ կ՛արտայայտեն այն ծնողները  որոնք սիրով կ՛աճեցնեն իրենց գաւակները, այն մարդին ու կիները  որոնք կ՛աշխատին առօրեայի հացը ապահովելու իրենց տան մէջ, ու հիւանդները՝ որոնք կը շարունակեն ժպտալ։

Քաջութիւն

Նամակին երրորդ բառը Քաջութիւն է, որով Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ քահանաները, անոնց դիտել տալով որ իրենց կեանքը զուրկ չէ տառապանքէն ու հրաւէր ուղղելով քննութիւն մը կատարելու ու հասկնալու ո՞րքանով անոնք իրենց ապրած տառապանքը կը նուիրեն ուիրշներուն, հետեւելով ոչ թէ Ղեւտացիին այլ Սամարացիի օրինակին։

Նորին Սրբութիւնը կը զգուշացնէ Քահանաները սատանայի խաբկանքներէն ու յատկապէս «տխրութենէն»։ Այն տխրութիւնը որ «անշարժ» կը դարձնէ մեզ, ու թոյլ չի տար յառաջ ընթանալ, ան որ անպտուղ կը դարձնէ բարեփոխումի ու դարձի փորձերը, յառաջացնելով վրդովմունք ու թշնամութիւն։

Դիմեցէք Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի արթնցնէ ու ցնցէ ձեզ, դիմագրաւելու համար «սովորամոլութիւնը»։ Յիսուսին հետ է որ կը վերածնի ուրախութիւնը։ Ուրախութիւն մը որ յառաջ չի գար կամաւոր ջանքերէ այլ այն վստահութենէն որ Յիսուսին Պետրոսին ուղղած խօսքերը տակաւին կը գործեն։

«Ուստի աղօթքի մէջ է որ կը փորձարկենք մեր աշակերտի պայմանները, որով կը հասկնանք թէ մենք կարիքը ունինք Տիրոջ օգնութեան» կը գրէ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ «Հովիւին աղօթքը կը սնանուի ու կը մարմնանայ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին սրտին մէջ։ Ան կը կրէ մարդոց ուրախութեան ու վէրքերուն հետքերը»։

Ընդունինք մեր դիւրաբեկութիւնը ու թոյլ տանք Յիսուսին որ մեր այդ տկարութիւնը կերպարանափոխէ ու մեզ մշտապէս մղէ դէպի առաքելութիւն» կը յանձնարարէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու այս ուղղութեամբ կը յորդորէ երկու կարեւոր «հիմնական կապեր»՝ այն է «հոգեւոր առաջնորդութիւնը», ունենալ եղբայրակից մը որուն հետ խօսիլ, բաժնեկցիլ ու զատորոշել սեփական ուղեւորութիւնը, ապա միշտ կապուած ըլլալ ժողովուրդին, չկղզիանալ… «քաջ առաքեալ մը միշտ դէպի դուրս ընթացող առաքեալ մըն է» կը գրէ Սրբազան Պապը քահանաներէն խնդրելով որ միշտ մօտիկ ըլլան անոնց որոնք կը տառապին, մօտիկ ըլլան մարդկային թշուառութեան եւ ինչու չէ ապրիլ զանոնք…եղէք հաղորդութեան եւ յարաբերութիւններուն արհեստաւորներ, բաց, վստահութեամբ լի, սպասելով Աստուծոյ թագաւորութեան նորութիւնները։

Փառաբանութիւն

Քահանայապետին Քահանաներուն ուղղած նամակին մէջ պարունակուած վերջին բանալի բառը փառաբանութիւն է. Կարելի չէ խօսիլ երախտագիտութեան ու քաջութեան մասին առանց խոկալու Սուրբ Կոյս Աստուածանայ մասին, որ մեզի կը սորվեցնէ «փառաբանութիւնը՝ որ կարող է մեր հայեացքը բանալ դէպի ապագան ու մեզի յոյս ներշնչել ներկային մէջ»։

«Մարիամին նայիլ կը նշանակէ վերադառնալ քնքշութեան ու գուրգուրանքի յեղափոխական ուժին, Ասոր համար երբ կ՛ապրինք կղզիացումի փորձութիւնը եւ կամ երբ  ընդվզումներ, բողոքներ, քննադատութիւններ կը տիրապետեն մեր վրայ ու մեզ կը զրկեն պայքարելու, սիրելու կամքէն…նայինք Մարիամին որպէսզի բիւրեղացնէ մեզ ամէն մէկ «շիւղ»է որ կարող է արգելք հանդիսանալ՝ ըլլալու արթուն եւ ուշադիր, տեսնելու ու ապրելու Քրիստոսը որ կ՛ապրի իր ժողովուրդին մէջ» կը պատգամէ Ֆրանչիսկոս Պապ որ նամակը կ՛աւարտէ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով քահանաներուն…«թոյլ տանք որ երախտագիտութիւնը յարուցէ փառաբանութիւն ու մեզ քաջալերելէ ըլլալու մարդիկ որոնք իրենց կեանքով կը վկայեն կարեկցութիւնն ու ողորմութիւնը, զոր միայն Յիսուս կարող է մեզի շնորհել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2019, 11:00