Պաշտպանել անմեղ քաղաքացիներուն իրաւունքը Պաշտպանել անմեղ քաղաքացիներուն իրաւունքը 

«Պատերազմն ու ահաբեկչութիւնը ծանր կորուստ են համայն մարդկութեան համար» Ֆրանչիսկոս Պապ։

12 օգոստոսին կը յիշատակուի Ժընեւի պայմանադրութիւններու 70 ամեակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալ ուխտաւորները,  յիշեցուց որ վաղը (12 օգոստոսին) կը յիշատակուին Ժընեւի պայմանադրութիւններու 70 ամեակը, որոնք, ըսաւ Ան, միջազգային իրաւական կարեւոր գործիքներ են, որոնք կը սահմանեն ուժի կիրարկումը ու կը միտին պատերազմի ժամանակ պաշտպանել քաղաքացիներն ու բանտարկեալները։

Ունկնդրէ լուրը

Թող որ այս տարեդարձը միշտ աւելիով Պետութիւնները դարձնէ իրազեկ՝ զինեալ հակամարտութիւններու զոհերուն կեանքն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու հարկաւորութեան։
«Բոլորն ալ կանչուած են յարգելու չափանիշերը որ սահմանուած են միջազգային մարդկային իրաւունքի կողմէ, պաշտպանելով անմեղ բնակչութիւնը ու քաղաքացիական կառոյցները ու յատկապէս հիւանդանոցները, դպրոցները, պաշտամունքի վայրերն ու գաղթավայրը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շեշտելով «չի մոռնանք որ պատերազմն ու ահաբեկչութիւնը միշտ ծանր կորուստ մըն են համայն մարդկութեան համար»։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ողջունեց զանազան վարերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ խնդրեց որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2019, 12:12