Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետի մօտիկութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ բռնութեան արարքներու զոհերուն ու Քահանաներուն ուղղած նամակը։

«Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսին վկայութիւնը օգնէ վերագտնելու քահանայութեան գեղեցկութիւնն ու կարեւորութիւնը ժամանակակից ընկերութեան մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացնելներուն ըսաւ. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հոգեւորապէս մօտիկ եմ բռնութեան այն արարքներու զոհերուն, որոնք այս օրերուն արիւնի մէջ թողուցին ԱՄՆ-ի Թեքսասը, Քալիֆորնիան, Օհայոն, հարուածելով անմեղ անձինք։ Ձեզ կը հրաւիրեմ միանալու իմ աղօթքիս, անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն»

 Սրբազան Պապը հուսկ յիշեցուց որ 160 տարիներ առաջ այսօրուայ պէս իր մահկանացուն կը կնքեր Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսը, տիպար բարութեան ու սիրոյ բոլոր քահանաներուն համար։ Այս յատկանշական առիթով 

ուզեցի նամակ մը յղել աշխարհի բոլոր քահանաներուն, քաջալերելու համար զանոնք իրենց առաքելութեան հաւատարմութեան մէջ, որուն զանոնք կանչեց Տէրը։ «Այս հեզ ու ամբողջութեամբ իր ժողովուրդին նուիրուած քահանային վկայութիւնը օգնէ վերագտնելու քահանայութեան գեղեցկութիւնն ու կարեւորութիւնը ժամանակակից ընկերութեան մէջ» մաղթեց Ֆրանսիչկոս Պապ հուսկ ողջունելէ ետք հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու հրաժեշտ առնելով խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2019, 12:15