Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 օգոստոսի Մարեմեան աղօթք. «Յիսուսի բերած սիրոյ կրակը տարածել աշխարհի մէջ»:

Աւետարանի հոգիին համաձայն ապրելու համար, այսօրուայ աշխարհի պահանջներուն դիմաց, կարիքը կայ Քրիստոսի աշակերտներու՝ որոնք այդ պահանջներուն համապատասխանեն սիրոյ նոր ձեռնարկներով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, եւ ի՞նչ կ՚ուզեմ՝ եթէ արդէն բորբոքած է: Բայց մկրտութիւնով մը պիտի մկրտուիմ, եւ ի՜նչպէս կը կսկծիմ՝ մինչեւ որ կատարուի: Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու: Կ՚ըսեմ ձեզի. “Ո՛չ, հապա՝ բաժանում”: Որովհետեւ ասկէ ետք՝մէկ տան մէջ հինգը բաժնուած պիտի ըլլան իրարմէ. երեքը՝երկուքէն, ու երկուքը՝երեքէն:  Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն, ու որդին՝հօրմէն. մայրը՝ աղջիկէն, եւ աղջիկը՝մօրմէն. կեսուրը՝ իր հարսէն, ու հարսը՝ իր կեսուրէն»:

Ունկնդրէ լուրը

Ղուկասի աւետարանի 12 գլուխէն ( 49 – 53 համարներ) քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 18 օգոստոս 2019-ի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Քահանայապետը ներկայացուց  իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

«Յիսուս այդ խօսքերով իր բարեկամներուն ու նաեւ մեզի կը յայտնէ իր իղձը. Աշխարհի վրայ տարածել Հօր սիրոյ կրակը, որ կեանքը կը բորբոքէ եւ որուն միջոցաւ մարդը կը փրկուի», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով որ «Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աշխարհի մէջ տարածելու այդ կրակը, որ է սիրոյ անսահման ու տիեզերական կրակը, զոր Քրիստոս Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ վառեց աշխարհի մէջ։

«Յիսուսին սիրոյ կրակին հակիլը կը պահանջէ ուրիշին ծառայելու տրամադրութիւն» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այն բազմաթիւ երիտասարդ կամաւորներուն որոնք ամարային շրջանին նոյնիսկ կը նուիրուին հիւանդներուն, աղքատներուն, եւ անկարներուն։

«Աւետարանի հոգիին համաձայն ապրելու համար, այսօրուայ աշխարհի պահանջներուն դիմաց, կարիքը կայ Քրիստոսի աշակերտներու՝ որոնք այդ պահանջներուն համապատասխանեն սիրոյ նոր ձեռնարկներով։ Եւ այդպէս Աւետարանը կը յայտնուի իսկապէս որպէս կրակ մը որ կը փրկէ, կը փոխակերպէ աշխարհը, սկսեալ իւրաքանչիւր սրտի փոխակերպումէն» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ «Յիսուսին պատգամը կը նշանակէ չապրիլ կեղծաւորութեամբ, այլ՝ որպէս իսկական քրիստոնեաներ, վկայելով Աւետարանը որ հիմնականօրէն սէր է՝ հանդէպ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն»։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի  բիւրեղացնելու մեր սրտերը, այն կրակով զոր Յիսուս բերաւ աշխարհ ու ապա զայն տարածենք մեր կեանքով ու արի եւ վճռակամ ընտրանքներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2019, 12:07