Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Մի՛ վախնար, պզտի՛կ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը բարեհաճեցաւ՝ որ ձեզի տայ թագաւորութիւնը»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երանի՜ այն ծառաներուն, որ տէրը արթուն պիտի գտնէ՝ երբ գայ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ ի՛նք գօտին մէջքը պիտի կապէ, սեղան բազմեցնէ զանոնք, եւ առջեւ անցնելով՝ պիտի սպասարկէ անոնց:Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ եւ այնպէս գտնէ՝ երանելի՛ են այդ ծառաները:

Կիրակի 11 օգոստոս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, աւետարանական այսօրուայ հատուածին մէջ (Ղուկաս 12, 32 – 48) Յիսուս իր աշակերտները կը հրաւիրէ յարատեւ հսկումի՝ սպասելու համար Աստուծոյ ժամանումին իրենց կեանքին մէջ։  Տէրը այդ ուղղութեամբ կը մատնանշէ նաեւ ինչպէս ապրիլ այդ սպասումը «Ձեր մէջքերը թող գօտեւորուած ըլլան, ու ճրագները՝վառուած»։

Ունկնդրէ լուրը

«Գօտեւորուած մէջքերը կը յատկանշեն ուխտաւորը որ պատրաստ է ճամբայ ելլելու։ Այս կը նշանակէ պարզութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի նոր նպատակներ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «ով որ Աստուծոյ կը վստահի, գիտէ որ հաւատքի կեանքը շարժողական է՝ յարատեւ ուղեւորութիւն…

«Յիսուս ապա կը յորդորէ վառած պահել լապտերները որպէսզի դիմարգուեն գիշերուան մթութիւնը, մենք ալ հրաւիրուած ենք ապրելու իսկական հաւատք մը, որ կարող ըլլայ լուսաւորելու կեանքի բազմաթիւ խաւարները։ Այդ հաւատքի լապտերը սակայն կարիքը ունի յարատեւ սնունդի ու այդ մէկը կարելի է Յիսուսին  սրտին հետ հանդիպումով, աղօթքի ու Անոր խօսքին ունկնդրութեան մէջ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «իսկական հաւատքը սիրտը կը բանայ ուրիշին ու կը մղէ դէպի եղբայրներուն հետ հաղորդութիւն՝  յատկապէս անոնց հետ որոնք կարիքի մէջ են։

Յիսուս ապա աշակերտներուն կը ներկայացնէ այն ծառաներուն առակը որոնք կը սպասեն իրենց տիրոջ վերադարձին, յատկանշելու համար իր երկրորդ ու վերջնական  գալուստը ու այդ ուղղութեամբ շեշտելով. «Երանի՜այն ծառաներուն, որ տէրը արթուն պիտի գտնէ՝երբ գայ»:

«Այս խօսքերով Տէրը մեզի կը յիշեցնէ որ կեանքը ուղեւորութիւն է դէպի յաւիտենականութիւն ու ասոր համար կանչուած ենք բազմապատկելու մեզի տրուած քանքարները, մեր մտքին մէջ ունենալով ապագայի յաւիտենական կեանքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց ապրիլ «Աւետարանի եւ Աստուծոյ պատուիրաններու համաձայն» որպէսզի մասնակից դառնանք «յաւիտենական երջանկութեան»։

Յիսուս առակին մէջ այդ գերագոյն երջանկութեան իմաստին կը մատնանշէ   զայն  նմանեցնելով Տիրոջ որ երբ տուն կը վերադառնայ ու ծառաները արթուն կը գտնէ «ի՛նք գօտին մէջքը կը կապէ, սեղան կը բազմեցնէ զանոնք, եւ առջեւ անցնելով՝կը  սպասարկէ անոնց»

«Դրախտի յաւիտենական երջանկութիւնը կը յայտնուի այսպէս. ծառաները՝ այսինքն մենք չենք որ պիտի ծառայենք Աստուծոյ այլ Աստուած է որ մեզի պիտի սպասարկէ։   Հօր հետ այդ վերջնական հանդիպումի  մտածումը, որ լի է ողորմութեամբ, մեզ կը  լեցնէ յոյսով ու մեզ կը մղէ յանձնառու ըլլալու սրբութեան ուղիով ու կառուցելու աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց  հայցելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին «որպէսզի իր մայրական բարեխօսութեամբ աջակցի մեր այդ յանձնառումին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2019, 12:08