Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Գանձեր մի դիզէք երկրի վրայ» 4 օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ նկատի առնելու այն հարստութիւնները որոնք կարող են մեր սիրտը կաշկանդել ու մեզ հեռացնել իսկական գանձէն որ կը գտնուի երկնքի մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 օգոստոս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական կիրկանօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարնիչէն (Գլուխ 12շ 13 – 21) եւ ուր կը պատմուի այն մարդուն մասին որ Յիսուսէն կը խնդրէ բաժնել իր ու իր եղբօր միջեւ ժառանգութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Աւետարանիչը կը գրէ. Բազմութեան մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս՝ որ ինծի հետ բաժնէ մեզի ինկած ժառանգութիւնը»: Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ նշանակեց զիս իրաւարար կամ բաժնող՝ձեր վրայ»:Ապա ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. որովհետեւ մէկուն ստացուածքներուն առատութենէն կախուած չէ իր կեանքը»: Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը տուին առատ բերքեր,  եւ ան կը մտածէր ինքնիրեն՝ըսելով. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տեղ չունիմ՝ուր բերքերս ժողվեմ”: Եւ ըսաւ.  “Սա՛պիտի ընեմ. պիտի քանդեմ ամբարներս, պիտի կառուցանեմ աւելի՛մեծերը, հոն պիտի ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս,  ե ւպիտի ըսեմ անձիս. «Ո՛վ իմ անձս, շատ բարիքներ ունիս՝դիզուած շատ տարիներու համար. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛եւ զուարճացի՛ր»”: Բայց Աստուած ըսաւ անոր. “Անմի՛տ, այս գիշեր անձդ պիտի պահանջուի քեզմէ. ուստի որո՞ւ պիտի ըլլան այդ պատրաստած բաներդ”: Այսպէս է ան՝որ գանձ կը դիզէ ինքնիրեն համար, բայց չի հարստանար Աստուծոյ մօտ»:

Աւետարանիչին  «Այսպէս է ան՝որ գանձ կը դիզէ ինքնիրեն համար, բայց չի հարստանար Աստուծոյ մօտ» խօսքը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու հրաւէր է ընտրելու հորիզոնը որուն պէտք է ձգտիլ։ Նիւթական հարստութիւնները անհրաժեշտ են կեանքին մէջ սակայն պէտք չէ դառնան մեր գոյութեան կէտ նպատակը, որովհետեւ անոնք պարզ միջոց մըն են պարկեշտ կեանք մը ապրելու համար ու բաժնեկից ըլլալու կարիքաւորներուն հետ։

«Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ նկատի առնելու այն հարստութիւնները որոնք կարող են մեր սիրտը կաշկանդել ու մեզ հեռացնել իսկական գանձէն որ կը գտնուի երկնքի մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ այս չի նշանակեր հեռանալ իրականութենէն, այլ փնտռել բաներ որոնք արժէք ունին՝ ինչպէս արդարութիւնը, զօրակցութիւնը, ընկալումը, եղբայրութիւնը, խաղաղութիւնը, որոնք մաս կը կազմեն մարդուն արժանապատուութեան։ Կը նշանակէ ձգտիլ կեանքի մը որ իրականացած ըլլայ ոչ թէ աշխարհիկ մտայնութեամբ այլ աւետարանի ոճով. Սիրել Աստուած ամբողջ էութեամբ ու սիրել ընկերը այնպէս ինչպէս սիրեց Յիսուս այսինքն ծառայութեամբ եւ անձնանուիրումով։

«Այդպէս ապրուած սէրը աղբիւր է երջանկութեան մինչ նիւթական բարիքներու ու հարստութեան անգոհացուցիչ փնտռտուքը յաճախ կը յարուցէ շփոթութիւն, հակառակութիւն, պատերազմ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հայցելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ չի հրապուրուելու անցողական ապահովութիւններով այլ ամէն օր դառնալու Աւետարանի յաւերժական արժէքներուն վկաները ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2019, 12:07