Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հարաւային Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան 5-րդ տարեդարձը։

Քահանայապետը Հարաւային Քորէա մեկնած էր իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիայի երիտասարդաց 6-րդ հաւաքի տօնախմբութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 13 օգոստոս 2019-ին, կը յիշատակուի Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հարաւային Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան 5-րդ տարեդարձը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ 13 օգոստոս 2014-ին մեկնած էր Հարաւային Քորէա իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիայի երիտասարդաց 6-րդ հաւաքի տօնախմբութիւններուն ու այդ առթիւ Երանելի հռչակելու նաեւ 124 Քորէացի նահատակներ։

Հինգ օր տեւող ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը առիթը ունեցաւ նաեւ հանդիպելու տեղական իշխանութիւններուն ու եկեղեցական պատասխանատուներուն հետ, այցելեց Քորէացի նահատակներու սրբավայրերը ու բարեսիրական գործունէութիւններու կենդրոններ, հանդիպեցաւ 2014-ի ապրիլին Սէուլի նաւաբեկութեան զոհերու ընտանիքներուն ու անոնցմէ մէկուն, անսպասելիօրէն, մատակարարեց սուրբ մկրտութեան խորհուրդը, այնպէս ինչպէս անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ իր եղբայրակից Յիսուսեաններէն մատակարարուած` Քորէայի մէկ համալսարանին։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ այլ կրօններու տեղական հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որմէ ետք աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց ''Քորէայի Խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն առթիւ արտասանած քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը մաղթած էր «Թող որ Քորէայի մէջ Քրիստոսին հետեւողները կարողանան պատրաստել նոր օրուայ արշալոյսը, երբ այս հողամասը պիտի կարողանայ վայելել խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան աստուածային օրհնութիւնները»։

Մինչ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խրախուսած էր զանոնք «որ իրենց կեանքով վկայեն յոյսի աւետարանը, իրենց սիրտերը ազատեն եսասիրութեան եւ անարդարութեան զգացումներէն, եւ աղօթեն երկու Քորէաներուն միութեան համար»։ Ան ապա հրաւիրած էր երիտասարդները, լիուլի մաս կազմելու ու մասնակցելու  ընկերային կեանքին, ու կառուցելու աւելի սուրբ, աւելի միսիոներական եւ հեզաբարոյ եկեղեցի մը, որ գիտէ սիրել ու պաշտել Աստուած, ծառայութիւն մատուցանելով աղքատներուն, մէկուսացեալներուն եւ հիւանդներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2019, 08:45