Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան նկարները Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան նկարները 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Հռոմի «Casa Regina Mundi » բարեգործական հաստատութեան։

Լուրը հաղորդեցին նոյնինքն հաստատութեան միաբանները որոնք մեծ զարմանքով հիւրընկալեցին արտասովոր այցելուն՝ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ կիրակի 28 յուլիսի յետմիջօրէին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմ գտնուող «Casa Regina Mundi» բարեգործական հաստատութեան Գթութեան դուստրեր միաբանութեան։

Լուրը հաղորդեցին նոյնինքն հաստատութեան միաբանները որոնք  մեծ զարմանքով հիւրընկալեցին  արտասովոր այցելուն՝ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը:

Նորին Սրբութիւնը «Casa Regina Mundi » գացած էր այցելութիւն տալու համար քոյր Մարիա Մուչչիին, որ երկար տարիներու ընթացքին  ծառայած է «Քազա Սանթա Մարթայի» Քահանայապետական  նստավայրին մէջ ու այժմ կը գտնուի հաստատութեան խնամատան մէջ։

Այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը  պահ մը ափոփուեցաւ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ արիւնոտ ներքնազգեստի մասունքներուն առջեւ, որոնք  շնորհուած էին  քոյրերուն, երբ Ան 1982-ի  մահափորձէն անմիջապէս  յետոյ փոխադրուեցաւ  Ճեմելլի հիւանդանոց։

Այցի աւարտին Քահանայապետը  օրհնեց քոյրերը, աշխատակիցներին ու տան հիւրերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2019, 10:55