Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 յուլիսի թուիթը նուիրուած Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլային:

Սուրբ Իգնատիոս կը սիրէր իշխանութիւնը եւ աշխարհային կեանքը, սակայն նուիրումով ուսումնասիրեց Աստուծոյ Խօսքը ապա ինքզինք յանձնեց Աստուծոյ կամքին։

Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի ծիսական տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց մէկ նոր թուիթ մը: Սրբազան հայրը  հրաւիրեց յիշել սուրբ Լոյոլան, նկատել տալով սուրբը  երիտասարդ տարիքին փնտռած էր միայն իր անձնական փառքը, սակայն աւելի ուշ հրապուրուելով Աստուծոյ փառքէն՝ իր կեանքին իսկական իմաստը գտած է:

«Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլան, զոր այսօր կը յիշենք, զինուորական երիտասարդ տարիքին՝ միայն իր սեփական փառքը կը փնտռէր, սակայն յետոյ,  հրապուրուեցաւ Աստուծոյ Փառքէն, որ իմաստաւորեց իր կեանքը:»  Գրած է Նորին Սրբութիւնը այսօրուան թուիթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2019, 13:55