Որոնել

Կարդինալ Փաոլօ Սարտի Կարդինալ Փաոլօ Սարտի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Փաոլօ Սարտիի մահուան ի լուր

Կարդինալ Սարտիի կառուցողական վկայութիւն տուաւ ու Սուրբ Աթոռի ու Եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ դրաւ իր կեանքին մեծ մասը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լուր Կարդինալ Սարտիի մահուան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ծիրանաւորի ընտանեկան պարագաներուն որուն մէջ իր խոր ցաւը յայտնելով գոհաբանութիւն մատուցեց Տիրոջ, Կարդինալ Սարտիի կառուցողական վկայութեան համար, որ Սուրբ Աթոռի ու Եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ դրաւ իր կեանքին մեծ մասը իր ներդրումը բերելով՝ Սուրբ Պօղոս Զ Պապի, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետի եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապի քահանայապետական վարդապետութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ ապահովեցուց որ իր աղօթքները կը միանան բազմաթիւ հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք ամէն օր կը մասնակցէին Ծիրանաւորի պատարագին, զոր կը մատուցէր Վատիկանի աթոռանիստ տաճարի մէկ խորանին վրայ, հաստատելով որ Կարդինալ Սարտի եղաւ բարի եւ արթուն ծառայ եւ ասոր համար վստահ ըլլալու ենք որ առաջնորդուած Սուրբ Կոյս Մարիամէն, Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերէն ու Աքուի թեմին եպիսկոպոս Սուրբ Կուիտոյէն, ան կ՛ ընդունուի Երկնքի յաւիտենականութեան մէջ։

Կարդինալ Սարտիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է երկուշաբթի 15 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան 10.30-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարտուղար՝  Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կը նախագահէ թաղման կարգը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2019, 08:10