Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Յառաջիկայ եօթը օգոստոսին կը վերսկսին Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները։

Հրապարակային կը կոչուի որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ հաւաքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք յառաջիկայ չորեքշաբթի եօթը օգոստոսին դարձեալ սկիզբ կ՛առնեն Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները, զոր սաստիկ տաքի պատճառաւ տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս յայտնած էինք անցեալներուն  Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւններուն  սովորութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 1975-ին։

Հրապարակային կը կոչուի որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ հաւաքին։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենային Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։

1975-ի Սուրբ տարուայ առթիւ, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու կամ կլիմայական ծանր պատճառներու բերումով ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Պապը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այդ դիտաւորութեամբ։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն  աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ որմէ ետք Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որոշ նիւթի մասին մտածական մը, զոր հակիրճ թարգմանութեամբ կը ներկայացուի զանազան լեզուներով։

2019-ին Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց  2018-ին սկիզբ առած Հայր մեր աղօթքի մասին մտածականները ու մայիս ամսուայ ընթացքին սկիզբ տուաւ նոր մտածականներու շարքի մը յատկացուած «Առաքեալներու Գործեր» գիրքի մեկնաբանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2019, 08:27