Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանքը Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական այցելութիւն կատարեց Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանք:

Ֆրանչիսկոս Պապ մայրավանքէն ներս ճաշեց իր միաբանակից եղբայրներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 7 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական այցելութիւն կատարեց Հռոմի Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանք: Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի առժամեայ տնօրէն Ալեսանտրօ Ճիզոթթի հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը:

Առանձնական այցելութեան ծիրէն ներս, կէսօրին՝ ֆրանչիսկոս Պապ ճաշեց միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Արթուրօ Սոսայի ու իր միաբանակից եղբայրներուն հետ:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ,  ֆրանչիսկոս Պապ , ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի եւս Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլային տօնին նախօրեակին առանձնական այցելութիւն կատարեց Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանք հանդիպելու համար իր միաբանակից եղբայրներուն հետ : 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2019, 15:03