Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անչափահասները պահպանելու համար կանխարգելումը առաքելութիւն է։»

Նորին Սրբութիւնը նկատած է թէ անչափահասներու պաշտպանութիւնը լուրջ խնդիր մըն է։

 1էն-26 յուլիս 2019-ին,  Մեքսիքոյի Քահանայապետական Համալսրանի Մանուկներու պաշտպանութեան միջմասնաճիւղային հետազօտութեան եւ կազմաւորումի բաժանմունքը կազմակերպած է դասընթացք մը անչափահասներու պաշտպանութեան տեղեկատուութեան եւ կանխարգելումի գործընթացներու:

Դասընթացքի բացումը կատարած է Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Ֆրանքօ Քոփոլա, տալով ներածական բանախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Չարաշահումներու կանխարգելումը Լատինամերիկայի Եկեղեցւոյ մէջ»։

Յիշեալ հետազօտութեան եւ կազմաւորումի բաժանմունքը սկիզբ առած է 2016 թուականին, Մեքսիքոյի Քահանայապետական Համալսարանի եւ Հռոմի Կրեկորիանա Համալսարանի մանուկնրու պաշտպանութեան կեդրոնի միջեւ համագործակցութենէ մը։ Կեդրոնը կը ղեկավարէ հոգեբան քահանայ Հայր Տանիել Թրեւիզօ Փորթիյյօ, որ պիտի կազմակերպէ նաեւ Լատինամերիկեան Համագումարը անչափահասներու չարաշահումի կանխարգելումի շուրջ, որ տեղի պիտի ունենայ 2019 թուականին,  նոյեմբեր 6էն մինչեւ 8ը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, յուլիսի 17ին, ընկերային ցանցի միջոցաւ պատկերասփռուած  պատգամ մը յղած է յիշեալ դասընթացքի մասնակիցներուն։

Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ նախ ողջունած է մասնակիցները։ Ան նկատած է թէ անչափահասներու պաշտպանութիւնը լուրջ խնդիր մըն է։ «Խնդիր մը, որուն Եկեղեցւոյ բերած ամօթները բոլորս կը ճանչնանք, որուն մէջ ներգրաւուած են մեր անդամները եւ գործած են այդ ոճիրները։ Այս դասընթացքը կարեւոր է ոչ միայն այս պատճառով, այլ բոլոր անչափահասներուն համար, որպէս զի ոչ ոք, ոչ ոք, ոչ մէկ չարաշահում, խափանէ անոնց մերձեցումը Քրիստոսի։ Անգամ մը եւս ականջ դնենք Յիսուսի ձայնին. «թոյլ տուէք որ անոնք ինծի գան։ Մի արգիլէք մանուկներուն որ ինծի գան։» Ոեւէ անհատ, կղերիկոս, աշխարհական, եպիսկոպոս, ոեւէ անձ, որ արգելք կ՚ըլլայ մանուկի մը՝ Յիսուսի երթալու, պէտք է իր վերաբերմունքին մէջ արգելակուի, եւ եթէ ժամանակը կը ներէ՝ պէտք է սրբագրուի, կամ պատժուի՝ եթէ կատարուածը ոճիր մըն է։

Այստեղ կ՚ուզեմ բաղդատութիւն մը ընել որ կրնայ շատ գեղեցիկ չըլլալ։ Առնենք թմրաթոյնի պարագան։ Ի՞նչպէս պէտք է բուժել թմրամոլ մը։ Շատ ժամանակի կը կարօտի եւ կը յաջողի, սակայն կը պարունակէ շատ բաներ … Արդ, առաւել վաւերական հարցում է՝ ի՞նչպէս կանխարգիլել այնպիսի կերպով, որ պատանիներ չիյնան թմրամոլութեան մէջ։ Այս պարագային կարեւոր է նկատի ունենալ, թէ ինչպէ՛ս խուսափիլ որ մանուկներ չարաշահումի չենթարկուին։ Անչափահասները պահպանելու համար կանխարգելումը առաքելութիւն է։

Սուրբ Յովհաննէս Պոսքօ կանխազգալով այս խնդիրը, հաստատեց գործելակերպ մը դաստիարակութեան մէջ որ կը կոչուի «կանխարգելիչ դրութիւն», որ շատ քննադատուած էր, սակայն աւելի ոյշ ճանչցանք թէ ան ունէր մեծ արժէք։ Այդ դրութիւնը հիմնական էր որովհետեւ կանխարգիլելը կարեւոր է, որովհետեւ երբէք չէ կարելի իմանալ թէ ուր մանուկ մը կրնայ չարաշահուիլ, ուր մանուկ մը կրնայ շեղիլ ճամբէն, եւ ուր անոր կը սորվեցնեն թմրեցուցիչ առնել, որ ակապանութեան ձեւ մըն է. չմտածենք միայն սեռային չարաշահումի մասին, այլ չարաշահումի որեւէ կերպի մասին։

Շնորհակալ եմ ձեզի այն բանին համար որ եկած էք այս դասընթացքին մասնակցելու եւ ձեր լաւագոյնը կու տաք։ Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ կը խնդրեմ ձեզմէ որ աղօթէք ինծի համար։ Թող Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ Սուրբ Կոյսը ձեզ իր խնամքին տակ առնէ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 11:24