Ֆրանչիսկոս Պապ «եկեղեցին գիտէ հեռուները երթալ եւ փնտռել մէկդի դրուած անհատները»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը ի պատրաստութիւն գաղթականներուն համաշխարհային օրուան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 29 սեպտեմբերին, գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն համաշխարհային օրուան առթիւ, երեքշաբթի, 2 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց ընտրելով որպէս նիւթ «չի հայիր ոչ միայն գաղթականներուն այլ կը հայի ոչ մէկը բացառելու հարցին»:

Նորին Սրբութիւնը պատկերասփռուած պատգամին սկիզբը մէջբերելով Աւետարանէն հատուած մը ըսաւ..

«Զգուշացէք եւ մի արհամարհէք մէկը այս փոքրիկներէն, որոնց հրեշտակները երկինքի մէջ կը տեսնեն երկնաւոր Հօրս դէմքը»: (Մատթ 18, 10 )Չի հայիր ոչ միայն գաղթականներուն մասին այլ կը հայի ոչ մէկը բացառելու հարցին: Այժմու աշխարհը ամէն օր աւելի խստութեամբ կը վերաբերի մէկդի դրուած անձերուն հետ: Զարգացած երկիրներու մէջ, բնական եւ մարդկային լաւագոյն հարստութիւնները կը շարունակուին սպառուիլ առանձնաշնորհեալ քիչ շուկաներուն ի նպաստ: Հակամարտութիւնները կը հարուածեն լոկ՝ աշխարհի կարգ մը տարածաշրջաններ սակայն\ զէնքերու վաճառումն ու անոնց կառուցումը, տեղի կ՝ունենան այլ տարածաշրջաններուն մէջ, որ յետոյ չեն ուզեր խնամք տանիլ գաղթականներուն, ոչ իսկ կ՝ընդունին գաղթականները,  պատճառուած այդ հակամարտութիւններէն :

Շատ անգամ խաղաղութեան մասին կը խօսուի, սակայն զէնքերը կը վաճառուին: Այդ հետեւանքներէն ամենէն շատ տուժողներ միշտ փոքրիկներն են, աղքատները, խոցելիները, որոնց կ՝արգիլուի նոյնիսկ սեղան նստիլ եւ որոնց կը տրուի խրախճանքի աւելցածները:
Դուրս ելող եկեղեցին գիտէ առանց վախի ձեռք ձգել ծրագիրներ,  գիտէ դէմ յանդիման գալ, գիտէ հեռուները փնտռել եւ հասնիլ ուղիներուն խաչմերուկին, հրաւիրելու համար մէկդի դրուած անհատները: «Բացառիկութեան զարգացումը» հարուստները աւելի հարուստ կը դարձնէ աղքատները աւելի աղքատ: Իսկական զարգացումը այն է, որ ներառական զարգացումին կը դիմէ. իսկական զարգացումին նպատակն է ներառել աշխարհի իւրաքանչիւր այր մարդիկ ու կին,  խթանելով անոնց համապարփակ աճումը եւ մտահոգուելով ապագայ  սերունդներուն համար: Իսկական զարգացումը, բեղուն ներառական զարգարումն է՝ նպատակաուղղուած դէպի ապագայ:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2019, 13:00