Վինսենթ Լամպերթի մայրը Վինսենթ Լամպերթի մայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապով մը իր մօտիկութիւնը յայտնած է Վինսենթի Լամպերթի մօր:

ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապով մը իր մօտիկութիւնը յայտնած է Վինեսթ Լամպերթին մօր ՝ Վիվիանին, նախ քան անոր զաւակը մահանալը, որ պատահեցաւ անցեալ 11 յուլիսին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 19 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Տիար Ալեսանտրօ Ճիզոթթի, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց  այն լուրը,  թէ  ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապով մը իր մօտիկութիւնը յայտնած է Վինեսթ Լամպերթին մօր ՝ Վիվիանին, նախ քան անոր զաւակը մահանալը, որ պատահեցաւ անցեալ 11 յուլիսին:   

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ Սրբազան Պապը մեծ ուշադրութեամբ հետեւեած էր 42 ամեայ ֆրանսացի հիւանդապահ՝ Վինսենթի ողբերգական դէպքին, որ  2008-էն, ի վեր արկածի մը հետեւանքով բուսական վիճակի մէջ կը գտնուէր:

Վինեսնթ Լամպերթ  ֆրանսական Ռեիմս անուան հիւանդանոցին մէջ կը գտնուէր երբ՝ բժիշկները անոր տառապալից վիճակը նկատելով անտրամաբանական, 2 յուլիսին դադրեցուցած էին ջուրի եւ սնունդի մակակարումը, եւ 11 յուլիսիս  Վինեսնթ Լամպերթ մահացած է երկար ժամանակ անօթի ծարաւ մնալէ ետք:

Անոր մահէն մի քանի ժամի ետք  ֆրանչիսկոս Պապ թուիթով մը իր աղօթքը ապացուցեցուց  եւ կոչ ուղղեց յարգելու իւրաքանչիւր մարդ էակի  կեանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 15:13