Ուկանտայի ժողովուրդէն առնուած լուսանկար Ուկանտայի ժողովուրդէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն. «շարունակեցէք Աւետարանի առաքեալները ըլլալ:»

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ, որպէսզի Ափրիկէի եպիսկոպոսները կառչած մնան իրենց միսիոներական առաքելութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, երկուշաբթի, 22 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին անունով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լուպանկօ Թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Կապրիէլ Մպիլինտիին, 21-էն-28 յուլիսին, Ուկանտայի մէջ ընթացք առած Ափրիկէի եւ Մատակասքարի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու գիտաժողին առիթով:

Կարդինալ Փարոլին նամակին մէջ Նորին Սրբութեան ուրախութիւնը յայտնած է Ափրիկէի եւ Մատակասքարի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու գիտաժողովին հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ՝ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն ճամար, խնդրելով որ ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցուին գիտաժողովին բոլոր մասնակիցներուն վստահեցնելով որ Սրբազան Հայրը աղօթքով կը միանայ բոլոր եպիսկոպոսներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելու ՍԵՔԱՄ-էն  ստացուած բոլոր շնորհքներուն համար,  ինչպէս նաեւ եղբայրական հաղորդութեան համար, որ բնորոշած է  վերնոշեալ հաստաութեան վերջին տարիները:  

Ծիրանաւորը  գրած է, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ գիտաժողովի բոլոր անդամներուն համար,  որպէսզի անոնք կառչած մնան  իրենց միսիոներական առաքելութեան՝ աւետարանումի մեծ աշխատանքին ի սպաս,  որ կը կայանայ աւետարանը ներդնել մեր կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս եւ մենք մեր կարգին,  զայն փոխանցենք ուրիշներուն,  գրած է կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ  ֆրանչիսկոս Պապ  վստահ է թէ Ափրիկէի եւ Մատակասքարի եպիսկոպոսաց դասերու գիտաժողովը պիտի շարունակէ  թանկարժէք ծառայութիւն դառնալ տեղական եկեղեցիներուն՝ օգնութեան հասնելու համար բովանդակ Ափրիկեան ցամաքամասին:

Կարիդնալ Փարոլին նամակը եզրափակած է փոխանցելով գիտաժողովին բոլոր մասնակիցներուն ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 13:26