Որոնել

Մարդավաճառութիւնը խորհդանշոխ լուսանկար Մարդավաճառութիւնը խորհդանշոխ լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը մարդավաճառութեան դէմ միջազգային օրուան առթիւ:

Մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային օրը հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2013 թուականին:

Երեքշաբթի, 30 յուլիսին, մարդավաճառութեան միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  հրաւիրեց աղօթել մարդավաճառութեան զոհերուն համար, ապա յորդորեց պատասխանել արժանապատուութենէ եւ ազատութենէ զրկուած բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն աղաղակին:   

Ունկնդրէ լուրը

«Աղօթենք,  որպէսզի Տէրը ազատէ մարդավաճառութեան թիրախ զոհերը  եւ օգնէ մեզի գործօն կերպով պատասխանելու բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն աղաղակին, որոնք զրկուած են իրենց ազատութենէն եւ արժանապատուութենէն»:Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուան թուիթին մէջ:

Յայտնենք, թէ մարդավաճառութիւնը ոճիր մըն է, որուն թիրախ  են  սեռային չարաշահումի, բռնի աշխատանքի զոհ աւելի քան 21 միլիոն անձեր:  Այս պատճառաւ,  այդ զոհերու նկատմամբ  միջազգային հանրային կարծիքը արթնցնելու  ինչպէս նաեւ  անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը խթանելու համար,  2013 թուականին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը  30 յուլիսը յայտարարեց մարդավաճառութեան դէմ միջազգային օր: 

Նշենք նաեւ, 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով մարդավաճառութեան դէմ մղուած պայքարի համար աղօթքի եւ խորհրդակցութեան միջազգային հինգերորդ օրուան մասնակիցները ու այդ առթիւ պատասխանելով իրեն ներկայացուած հարցումներուն, նկատած է, թէ մարդավաճառութեան խնդրի նկատմամբ շատ անգիտութիւն կը տիրէ, իսկ սակաւ կամք՝ խնդրի տարողութիւնը հասկնալու….։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը շեշտած է, թէ յատկապէս երիտասարդներու ձայնն է որ կրնայ խորտակել այս խնդրի շուրջ կայացած լռութիւնը  կարեւոր նկատելով նաեւ  ընկերային ցանցերու դերը։ Ան կոչ ուղղած է, թէ պէտք է ստեղծել մարդկային համապարփակ զարգացման առիթներ. պէտք է պետութիւնները դիմակայեն պատճառները. պէտք է դուրս գալ կեղծաւորութենէ։

15 փետրուար 2019-ին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատած էր թէ «անօթին, ծարաւը, օտարականը, մերկը, հիւանդը ու բանտարկեալը որ մեր դուռը կը բախէ նոյնինքն Յիսուսն է որ մեզմէ կը խնդրէ որ հանդիպինք իրեն ու օգնութեան հասնինք անոր»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2019, 13:50