Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

8 յուլիսին ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ գաղթականներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքն է, որ գաղթականներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագին յիշուին, բոլոր անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին գաղթի ճամբու վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Լամբետուզա կղզի կատարած այցելութեան 6-րդ տարեդարձի առիթով, երկուշաբթի, 8 յուլիսին,  առաւօտեան ժամը 11,00ին, ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ՝ նուիրուած  գաղթականներուն:  

Նախատեսուած է որ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերեն գաղթականներ, ապաստանեալներ եւ իրենց կեանքը փրկելու համար գաղթի ճամբան դիմած  շուրջ 250 հոգի:  Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է  նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագին կրնան մասնակցիլ միայն Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի գաղթականներուն բաժանմունքի անդամները, որոնց յանձնուած է յիշեալ սուրբ Պատարագի կազմակերպութիւնը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնին փոխանցմամբ,  Ֆրանչիսկոս Պապ փափաքն է,  որ գաղթականներուն նուիրուած սուրբ պատարագին յիշուին բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին գաղթի  ճամբու վրայ  եւ քաջալերանք հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք ամէն օր ջանք չեն խնայեր ընկերանալու եւ ընկալելու գաղթականներն ու ապաստանեալները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2019, 12:07