Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը 

Ֆրանչիսկոս Պապի Մոզամբիկ, Մատակասքար եւ Մաուրիցիուս երկիրներուն հովուական այցելութեան օրակարգը:

Հրապարակուեցաւ 4-էն -10 սեպտեմբեր 2019ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հովուական այցելութեան յայտագիրը՝ Մոզամպիք, Մատակասքար եւ Մաուրիցիուս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

4-էն -10 սեպտեմբեր 2019ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Մոզամպիք, Մատակասքար եւ Մաուրիցիուս:

Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբեր, 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8,00ին, Հռոմի միջազգային օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով կը փոխադրուի Մոզամպիքի Մափութօ մայրաքաղաք՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան 6,30ին:

Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Սրբազան Հօր օրակարգը կ՝ընդգրկէ այցելութիւն Մոզամբիկի հանրապետութեան նախագահին, հանդիպում երկրի քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ:
Պապական նուիրակի պալատին մէջ կայանալիք ճաշի փոքրիկ դադարէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ, Անարատ Յղութիւն անուան մայր տաճարին մէջ կը հանդիպի եպիսկոպոսներու եւ կղերական դասի անդամներուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական Կաթողիկէ վարդապետութեան դասընթացքին հետեւողներուն:

Ուրբաթ 6 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ Զիմբեթօ անուան հրապարակին վրայ, որմէ ետք, կ՝այցելէ Մափութօ մայրաքաղաքի հիւանդանոց, ապա միջազգային օդակայանէն , թռիչքով կը փոխադրուի Մատակասքարի մայրաքաղաք՝ Անթանարիվօ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 4,30-ին:

Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին Մատակասքարի տուած հովուական այցելութեան առաջին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այցելութիւն կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին,  հանդիպում կ՝ունենայ քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ապա «բոպիկ Քարմելիթեան» քոյրերու եկեղեցին ներս կը նախագահէ ճաշու ժամերգութեան:
Յետմիջօրէին՝ Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Մատկասքարի եպիսկոպոսպերուն հետ, կ՝այցելէ Երանելի VICTOIRE RASOAMANARIVO գերեզմանը, ապա Soamandrakizay անուան՝ թեմի պատկան մարզադաշտին վրայ կը նախագահէ երիտասարդներուն աղօթք- հսկումին:

Կիրակի 8 սեպտեմբերին, առաւօտեան Անթանանարիվօ թեմի պատկան մարզադաշտին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցանէ Սուրբ պատարագ, որմէ ետք Պապական նուիրակի պալատէն ներս կը կատարէ ճաշի փոքրիկ դադար մը որմէ ետք կ՝այցելէ AKAMASOA քաղաք, ուր Mahatzana անուան գործարանի խումբ մը աշխատաւորներուն ներկայութեամբ, պահ մը ամփոփուելով աղօթք  կը բարձրացնէ առ Աստուած:

Երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Միքայէլ անուան վանքէն ներս կը հանդիպի քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ:

Երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին, սկիզբ կ՝առնէ Ֆրանչիսկոս Պապի Մաուրիցուս երկրի հովուական այցելութիւնը:
Փորթ Լուիս մայրաքաղաքի Խաղաղութեան թագուհի, Տիրամօր նուիրուած յուշահամալիրէն ներս Սրբազան Հայրը կը մատուցանէ սուրբ Պատարագ: Կէսօրուան ճաշի դադարէ ետք,  թեմի առաջնորդարանէ ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի եպիսկոպոսներուն հետ ապա առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Փէրէ Լեւալ սրբավայր:

Նոյն օրը ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ երկրի նախագահին, հանդիպում կ՝ունենայ վարչապետին եւ քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնին անդամներուն հետ:
Երեկոյեան՝ Փորթ Լուիս մայրաքաղաքի օդակայանէն թռիչքով դարձեալ կը փոխադրուի Անթանարիվօ մայրաքաղաք:

Երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Անթանարիվօ մայրաքաղաքի օդակայանէն թռիչքով վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ուր ՝ ժամանաումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 7-ին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2019, 12:55