Որոնել

Լուսին Լուսին 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց յիսուն տարիներ առաջ, յուլիսի 20ին մարդ արարածի լուսնէջքը։

Մադկութեան համար այդ մեծ քայլի յիշատակը թող հրահրէ մեր սրտին մէջ իղձը՝ միասնաբար յառաջանալու դէպի աւեի մեծ նպատակներ։

Կիրակի, 22 յուլիս, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով յիսուն տարիներ առաջ, յուլիսի 20ին մարդ արարածի լուսնէջքը ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր. յիսուն տարիներ առաջ, երէկուան նման, մարդ արարածը ոտք դրաւ լուսնի վրայ, իրականացնելով արտակարգ երազ մը։ Մադկութեան համար այդ մեծ քայլի յիշատակը թող հրահրէ մեր սրտին մէջ իղձը՝ միասնաբար յառաջանալու դէպի աւեի մեծ նպատակներ, այսինքն՝ աւելի արժանապատուութիւն՝ տկարներուն, աւելի արդարութիւն ժողովուրդներու միջեւ, աւելի ապագայ մեր հասարակաց տան։»

Ապա Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով ողջունեց ներկաները. «այժմ սրտագին ողջոյնով կը դիմեմ ձեզի բոլորիդ, Հռոմի ժողովուրդ եւ ուխտաւորներ. մասնաւորապէս կ՚ողջունեմ Օգնական Մարիամի Դուստրեր միաբանութեան նորընծաները՝ ժամանած տարբեր երկիրներէ, Փարակուայի Cristo Rey di Asunción վարժարանի աշարկերները, Ռումանիայի Եաշ քաղաքի Opera Don Guanellaի ժառանգաւորները եւ դաստիարկները, Ֆրանսայի Chiry-Ourscampի երիտասարդները եւ Cantùի հաւատացեալները։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2019, 12:18